Ընթացիկ շաբաթը խոստմնալից է այն իմաստով, որ կրնայ բնորոշիչը ըլլալ Լիբանանի երկար սպասուած կառավարութեան կազմութեան:
Մեծ ակնկալութիւններ կան, որ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի նախաձեռնութիւնը յաջողի: Մինչ այդ Պըրրի խորհրդակցութիւններ կը պատրաստէ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ, անպայմանօրէն փորձելու յաջողեցնել իր նախաձեռնութիւնը, որ կը փորձէ երկիրը դուրս բերել առկայ անելէն:
Միւս կողմէն, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն շաբաթավերջին, շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վերընտրութեան առիթով։
Աուն յաջողութիւն մաղթած է Ասատին եւ յոյս յայտնած, որ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները շուտով կը վերադառնան եւ կը մասնակցին երկրի վերականգման գործընթացին։