Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Յուղարկաւորութիւն Եւ Թաղման Կարգ Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին

«Աստուած զիս ընտրեց յառաջացած այս տարիքիս: Չեմ գիտեր որքան պիտի ապրիմ, բայց կ’ուզեմ ապահով ըսել, թէ ամբողջ կարողութեամբ պիտի սպասարկեմ իմ եկեղեցիիս եւ ազգիս»

Ուրբաթ 28 Մայիս 2021-ի կէսօրէն ետք ժամը 18-ին, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանգստեան Սուրբ պատարագ վասն Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 25 մայիսին եւ որուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ  29 մայիս 2021-ի առաւօտեան 10.30-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբն Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող պատուիրակութիւններուն ու սգակիր հաւատացեալներուն։

Սրբազան արարողութեան յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակը Կարդինալ Մարիօ Զենարին մինչ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ներկայացուց Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ ժոզէֆ Սփիթերի։ Արարողութեան մասնակցեցան ի մէջ այլոց Մարոնիներու Պատրիարքը` Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռաաի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա վեհափառը եւ Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Եուսէֆ Եունանը։   

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախագահեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Կառավարիչ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց, մինչ օրուան պատգամը ներկայացուց Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմին օգնական եպիսկոպոսը որ երկար տարիներ  կողք կողքի աշխատած ու համագործակցած է երջանկայիշատակ Հայրապետին հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին