Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Կայծոռիկներ (Բ)

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Երբ ժողովրդի հոգին աւելի կուլտուրական է քան իրաւակարգը, պետական ռեժիմը փոխւում է բռնութեամբ, յեղափոխութեամբ:

Երբ հակառակն է՝ պետութեան ղեկավարութիւնը անցնում է բախտախնդիրների եւ բռնակալների ձեռքը, որոնք օգտուելով զանգուածների հոգեկան  կուրութիւնից, երկիրը  դարձնում են իրենց կրքերի եւ անձնական  շահերի շահաստան:

Փորձուածը փորձողին ուղեղը խանգարուած  է:

Պու Ապպուտ եւ Լու Գոսթելլօ գործակցաբար փայտէ առանձնատուն կը կառուցեն (ըսենք երեսուն օրուան մէջ) աւարտին՝ զիրար կը շնորհաւորեն հայեացքներով ու հիացական կը  դիտեն կառոյցը. Մինչ, ուրկէ ու՜ր, հեռուէն աղաւնի մը կը թառի առանձնատան կտուրին …ՏՈՒՆԸ  փուլ կու գայ… (Տուր խմորը հացագործին եթէ նոյնիսկ կէսը իւրացնէ):

Երբ հաւն աքաղաղի պէս կանչում է, աղէտը հեռու  չէ:

Ուրիշ ելք չունի երկրային ճամբան. Կա՛մ սողալով կ՛ապրիս հլու, կամ ալ՝ կը բարձրանաս Գողգոթա:

Ֆրենքշթէյն տան մէջ ձանձրացած ըլլալով միտք մը կը յղանայ: Քաղաք իջնել փոփոխութեան սիրոյն թէեւ  գիշեր է արդէն: Բայց ելք մըն է վերջապէս: Ուրեմն օն, հազիւ հրապարակ կը հասնի, վայրկեանական ամայութիւն կը տիրէ քանի որ վազէ վազ կը  փախչին խանութներն ու կրպակները փակելով: ԱՄԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆՈՒՐ: Ֆրենքշթէյն կը մնայ ԱՌԱՆՁԻՆՆ ուստի՝ կը  վերադառնայ իր բնակարանը ու առաջին հերթին կը դիմէ ձայնասփիւռին որ կ՛ահազանգէ .- «ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԻՆ ՀՐԷՇ ՄԸ Կ՛ԵՐԵՒԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՎ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԴԻՄԷ ՓԱԽՈՒՍՏԻ …»:

Այս լուրը կը զարմացնէ լսողը որ կ՛ըսէ. «ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԵՍ ՀՈՆ ԷԻ ՀՐԷՇ ՄՐԷՇ ՉԿԱՐ»:

Ինքզինք ճանչնալը այնքան անկարելի է որքան մարդ իր հարազատ ԾՈԾՐԱԿԸ ՏԵՍՆԵԼԸ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին