Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Արտահերթ Ընտրութիւններու Առաջադրուելու Վերջնաժամկէտը Աւարտեցաւ

Ներկայացան՝ 23 Կուսակցութիւններ եւ 4 Դաշինք

Գլխաւոր Բացական՝ Սփիւռքը

Տեսանկիւն

Տուեալ երկրի մը քաղաքացիներուն իրենց երկրին քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը ժողովրդավարութեան հիմքն է եւ մարդու բոլոր իրաւունքներէն օգտուելու կարեւորագոյն ազդակը կը նկատուի: Երկրին մէջ կայացող ընտրութիւններուն առանց որեւէ խտրականութեան, այդ երկրին քաղաքացիներուն թէ՛ որպէս ընտրող եւ թէ՛որպէս ընտրուող, մասնակցելու իրաւունքը՝ մարդկային բոլոր իրաւունքներուն եւ քաղաքացիական ազատութիւններուն ամենահիմնարար մասնիկներէն է:

Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները ամէն կերպով շեշտուած են 1948-ի Մարդու իրաւունքների համաշխարհային հռչակագրի առաջին մասի յօդուածներուն մէջ:

Քաղաքական համարկումը (integration) իր լայն իմաստով կը վերաբերի ընկերային գիտութիւններու իսկ նեղ՝ քաղաքական եւ տնտեսական գիտութիւններուն: Քաղաքական իմաստով համարկումի իմաստը կարելի է նոյնացնել նաեւ երկու կամ աւելի միաւորներու միանալով, ամբողջականալով, միաւորուելով ու կազմակերպուելով (Հոփ 2007, 109): Բան մը, որ կենսական է առողջ երկրի մը ունենալու համար:

Քաղաքական համարկումը, ինչպէս ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային համարկումները, կարեւոր ազդակներ են քաղաքացիին պատկանելիութեան զգացումը զօրացնելու ինչպէս նաեւ համաքաղաքացիներու միջեւ համակեցութիւն, համերաշխութիւն, եւ ապահովութեան զգացում զարգացնելու համար (Քաղաքական Գիտութիւններու Միջազգային Հանրագիտարան):

Բաւարարուելով այս քիչ մը երկար նախաբանով, անցնինք այսօրուայ մեր բուն նիւթին.

ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցելու յայտ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը իր աւարտին հասաւ նախորդ օր՝ Չորեքշաբթի 26 Մայիսին: Յառաջիկայ Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իրենց ցուցակներու գրանցումին համար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով ներկայացան 23 կուսակցութիւններ եւ 4 դաշինք: Այստեղ գլխաւոր բացական Սփիւռքն էր իր դասական, թէ նոր ճիւղաւորումներով: Արդարեւ ՀՀ Ընտրական Օրէնսդրութիւնը նկատի չունի սփիւռքահայը, որ ըստ այդ օրէնքին իրաւասութիւն չունի ընտրուելու համար թեկնածու ներկայանալու՝ եթէ ունի երկքաղաքացիութիւն: Աւելի վատը այն է, որ արհեստագիտութեան եւ աշխարհը փոքր գիւղաքաղաքի վերածած այս դարուս, սփիւռքահայը, որ նոյնիսկ եթէ կը կրէ ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ մշտական բնակութեան հասցէ, դարձեալ նոյն օրէնքին սահմանափակումներով իրաւասութիւնը չունի առցանց կամ ընտրութեան պահուն արտասահմանի մէջ իր բնակած երկրին ՀՀ դեսպանատունը ներկայանալով ընտրել ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ իր ներկայացուցիչը…:

Այս դրութիւնը մեծ խախտում է, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներուն ընդհանրապէս, եւ ի մասնաւորի ՀՀ Ընտրական Օրէնսգիրքի (ընդունուած 2016 թուականի Մայիսի 25-ին), որուն Առաջին մասի Գլուխ 1-ի 3-րդ յօդուածը յստակօրէն կ՛անդրադառնայ ընտրական հաւասար իրաւունքներու մասին, որ չհամընկնիր վերեւը նշուած սահմանափակումներուն հետ, որ նոյն օրէնսդրութիւնը՝ զարմանալիօրէն նկատի ունի :

Մինչ այս մասին եւ հիմնուելով մեր այսօրուայ յառաջաբանին վրայ, յաջորդին աւելի հանգամանօրէն պիտի անդրադառնանք, այստեղ պարզապէս կ՛ուզեմ նշել, որ եթէ ՀՀ քաղաքացիութիւնը կրող սփիւռքահայու կամ արտասահման հաստատուած հայորդիին զաւակը հաւասարապէս պիտի ծառայէ ու ի հարկին զոհուի իր Հայրենիքին համար ինչո՞ւ համահաւասար իրաւունքը եւ առիթը պիտի չունենայ ընտրելու կամ ընտրուելու հայրենիքին ծառայելու մէկ այլ պաշտօնին: Աւելին, եթէ կ՛ակնկալուի, որ սփիւռքահայը իր լուման նուիրէ կամ ներդրումներ կատարէ Հայրենիքի բարօրութեան ի խնդիր, ապա ինչո՞ւ իրաւունքը պիտի չունենայ ընտրուելու օրէնսդիր պաշտօնի մը վրայ, մաս կազմելու համար հայրենիքի զարգացման տնօրինումին…:

Ինչո՞ւ է այս խտրականութիւնը, եւ յօգուտ որո՞ւն…:

Յաջորդին լայնօրէն պիտի անդրադառնանք այս մասին: Մինչ այդ յաջողութիւն, բոլոր յայտ ներկայացնողներուն եւ տրամաբանութիւն՝ ընտրողներուն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին