Տեսանկիւն
Մեր սիւնակը նուիրուած է Մայիս 6-ի Լիբանանի Նահատակաց: Յարգանքի եւ գնահատանքի տուրք մըն է հայրենիքի նահատակներուն, որոնք իրենց մտքով եւ գրիչով կը դիմադրէին օսմանեան բռնակալին` երազելով անկախ եւ ազատ հայրենիքի մասին, ինչպէս հայ մտաւորականները, որոնք ձերբակալուեցան եւ սպանդի ենթարկուեցան Ապրիլ 24-ին նոյն արիւնարբու թշնամիին կողմէ:
Մենք լաւ գիտենք, որ արաբ ժողովուրդը նոյնպէս կեղեքուեցաւ օսմանցիին լուծին տակ: Լիբանանի Նահատակաց հրապարակը այս իրողութեան ամենամեծ ապացոյցն է: Այս մասին կը վկայեն Ժամալ Փաշայի կանգնեցուցած կախաղանները Պէյրութի կեդրոնին վրայ, ուր նահատակուեցան լիբանանցի եւ արաբ լաւագոյն մտաւորականները:
Մեզի համար, ժողովուրդի մը միտքին սպանութիւնը տուեալ ժողովուրդը ոչնչացնելու փորձն Է: Այս իսկ պատճառով մենք կը հաւատանք, որ Մայիսի 6-ի եւ Ապրիլ 24-ի նահատակները եղբայրակիցներ են, որովհետեւ յանցագործութիւնը նոյնն է: Միեւնոյնն է նաեւ դահիճը:
Սրտագին ողջոյններ Լիբանանի փրկութեան համար զոհուած Մայիսի 6-ի նահատակներուն: