Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Վահրամ Հաճեան

Վահրամ (Ժոզեֆ) Եսայի Հաճեան (16 Փետրուար 1935, Թուրքիա – 25 Մարտ 2007 Լոս Անճելըս), բանաստեղծ։

Վահրամ Հաճեան, ծնած Թուրքիա, ապա հաստատուած է Հալէպ, եւ պատանի տարիքին նուիրուած է բանաստեղծութեան։

Ներգաղթած է Հայաստան, ուր մեծապէս գնահատուած է իր բանաստեղծի վաստակը։ Հայրենի բանաստեղծներ Գուրգէն Մահարի, Գէորգ Էմին, Մկրտիչ Սարգսեան, Սեւակ Արզումանեան գնահատանքով արտայայտուած են Վահրամ Հաճեանի գործերուն մասին, եւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակած են գրական պարբերաթերթերու մէջ։

Վահրամ Հաճեան, Հայաստանի մէջ ունեցած է նաեւ պատկերասփիւռային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներ եւ արժանացած՝ ժողովուրդին ու գրական շրջանակներու ջերմ ընդունելութեան։

Հրատարակած է բանաստեղծութեանց հետեւեալ հատորները.

«Բարձունքներու Կատարին» (1957), «Մեր Երթը» (1959), «Ալ Պանդուխտ Չեմ» (1960), «Հալչող Արծաթներ» (1970), (վերահրատարակուած 1974-ին, յաւելուածներով), եւ «Խօսք Ցասման եւ Յիշատակի», արձակ բանաստեղծութիւն, նուիրուած Մեծ Եղեռնի նահատակներուն (1981):

Մայր հայրենիքի մէջ լոյս տեսած են իր վերջին երկու ստեղծագործութիւնները. «Ճակատագիր» (1989) եւ «Արցունքի Աստղեր» (1991):

Սիրոյ եւ տառապանքի երգիչն է Վահրամ Հաճեան։ Ունի պարզ եւ հաղորդական ոճ մը։

Ան ապրած է Հայաստան եւ Ամերիկա փոխն ի փոխ։ Մաս  կազմած է «Նաւասարդ» ամսագրի խմբագրական մարմնին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին