Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

Եփեսոսի Ս. Ժողովի 200 Հայրապետներուն Տօնին Առթիւ

Երբ Քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ եւ եկեղեցիներ սկսան հիմնուիլ, ըլլան գաղտնաբար, թէ` յայտնապէս, բնականաբար սկսան այնպիսի մտածումներ, հասկացողութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ յառաջ գալ, որ չէին համապատասխաներ Աստուածաշնչական իրականութեան եւ Եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն։ Յատկապէս, այնպիսի գաղափարներ, որոնք ուղղակիօրէն Աստուծոյ բնութեան մասին սխալ հաստատումներ կ’ընէին, եւ կրնային այսօրուան եկեղեցին բոլորովին տարբեր ուղղութեան տանիլ։ Սակայն, որովհետեւ եկեղեցւոյ հայրերը խոհեմութիւնը ունեցան եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ հաւաքուեցան, կրցան բանաձեւել այն Աստուածաբանական հիմքերը, որուն վրայ այսօր եկեղեցին կը կանգնի ալ աւելի անսասան։ Այս ժողովներն ու հաւաքները, որոնք մեր հաւատքը բանաձեւեցին եւ պաշտպանեցին, ծանօթ են որպէս «Տիեզերական Ժողով» անունով, որ ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, միայն տեղական մակարդակ չունէին, այլ՝ ընդհանուր եկեղեցւոյ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ճանչնայ եւ կ’ընդունի երեք տիեզերական (եկեղեցական) ժողովներ, որոնք երեքն ալ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս տեղի ունեցած են. Ա) Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը (325), Բ) Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Ժողովը (381), եւ Գ) Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովը (431)։

Համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին, այս Շաբաթ օր, տօնն է Եփեսոսի սուրբ ժողովին մասնակցած երկու հարիւր հայրապետներուն։ Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ սոյն ժողովին մասին եւ ինչո՞ւ համար կարեւոր է յիշել ու տօնել։

Եփեսոսը կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմտեան ծովափին, Իզմիր Նահանգին մէջ, Սելճուք անունով քաղաքամէջէն մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Այդ օրերուն, Նեստոր անունով, ծագումով յոյն, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը, վարդապետական տեսութեամբ մը մէջտեղ եկաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը կ’ընդունէր իբրեւ միայն մարդ, եւ ապա՝ աստուածային բնութիւնը ստացած Փրկիչ, որուն մէջ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները անջատաբար բնակեցան։ Առաւել եւս, նոյն անձը կը բացատրէր, թէ Ս. Մարիամ Աստուածածինը իբրեւ կոյս եւ Աստուածածին պէտք չէ ընդունիլ, ըսելով, թէ Յիսուս մահկանացու ծնունդով աշխարհ եկաւ, եւ հետեւաբար Ս. Կոյս Մարիամը Աստուածածին չէ, այլ՝ մարդածին-Քրիստոսածին։ Իր այս մոլար վարդապետութիւնը խռովութիւն ստեղծեց հռովմէական կայսրութեան մէջ, եւ ստիպեց, որ եկեղեցւոյ հայրերը քննեն տեսութիւնը եւ ճշմարտութիւնը հաստատեն, որպէսզի եկեղեցին ըստ այնմ քարոզէ, ուսուցանէ ու մեկնաբանէ։

Թէոդորոս Բ. Հռոմի կայսրը, որ նաեւ Փոքր Թորդորոս ճանչցուած է, կը կազմակերպէ սոյն Տիեզերական Ժողովը, Եփեսոսի մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 200 հայրապետներու։ Իրականութեան մէջ, Նեստորը ի՛նք կը խնդրէ կայսրէն, որպէսզի հաստատէ իր ուսուցումները եւ ինքզինք ապացուցէ բոլոր հակառակողներուն, սակայն ժողովը ամբողջութեամբ հակաքրիստոնէական եւ մոլորեցնող ուսումներ կը նկատէ ու կը մերժէ։ Հետեւաբար, ժողովը կը նզովէ Նեստորը եւ իր բոլոր ուսուցումները, որովհետեւ ոչ միայն Քրիստոսի մեծութիւնը կը նուազեցնէր, այլեւ հաւատքը քանդող մոլորութիւն էր։ Այս աստուածաբանական հակամարտութեան դէմ, ճանաչելի եւ ջահակիր դէմքը եղաւ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, որուն ճարտար մեկնաբանութեան շնորհիւ, Արեւելեան եկեղեցիները, մինչեւ այսօր հաստատ կը մնան եւ հաւատքը կը պահպանեն աստուածաբանական ամուր հիմերու վրայ։

 

Աստուծոյ Սէրը Իր Իսկ Մարդանալուն Մէջ

 

Համաձայն Նեստորին մեկնաբանութեան, Յիսուս իբրեւ մարդ ծնաւ եւ ապա մկրտուելէն ետք ստացաւ աստուածային բնութիւնը, եւ որուն մէջ մարդկային եւ աստուածային բնութիւնները անջատօրէն բնակեցան։ Այլ խօսքով Յիսուս երկու դէմք ունէր, որոնցմէ աստուածային աւելի ուշ ստացաւ։   

Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ են փաստերը, որոնք կ’ապացուցեն, թէ Յիսուս իբրեւ Աստուած եւ մարդ ծնաւ։ Եթէ Սուրբ Հոգիէն յղացումը Ս. Աստուածածնին եւ զայն Էմանուէլ կոչուիլը, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ», բաւարար փաստեր չեն, պէտք է տեսնել այն հրաշալի դէպքերը, որոնք պատահեցան Յիսուսի ծնունդի ժամանակ, եւ որոնք յստակօրէն կ’ըսեն, թէ Յիսուս ծնաւ իբրեւ մարդացեալ Տէր եւ Աստուած։

Մոգերուն (որոնք հրեաներ չէին եւ որեւէ առնչութիւն չունէին Աստուածպաշտութեան հետ) այցը նուէրներով, որոնք իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէին եւ ցոյց կու տային Յիսուսի Քահանայապետութիւնը, Թագաւոր ըլլալը եւ Օծեալ Տէր ըլլալը, որ պիտի զոհուէր աշխարհի փրկութեան համար։ Նոյն ինքն հրեշտակները, հովիւներուն կ’ըսեն. «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ ՕԾԵԱԼ ՏԷՐՆ Է» (Ղկ. 2:11)։ Մարգարէութիւնները յստակօրէն յայտնեցին, որ Փրկիչը պիտի ծնի, եւ ոչ Փրկիչ պիտի դառնայ։

Այս յօդուածով, չեմ ուզեր դարերէ ի վեր փաստուած ու ապացուցուած իրականութիւն մը, ետ լոյսի բերել, այլ ցոյց պիտի տամ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատալիքը բաժնեկցելով այն գեղեցիկ իրականութիւնը, որ նոյնիսկ Յիսուսի ծնած ձեւին մէջ Աստուծոյ սէրը մեծ եւ գեղեցիկ է։         

Եթէ Նեստորին հետ համաձայնէինք, եւ ըսէինք, թէ Աստուած եւ մարդ անջատ գործեցին ու ապրեցան Յիսուս անունով անձին մէջ, ուրեմն Աստուած մարդուն հետ չզգաց, մարդուն ճանապարհէն չանցաւ իբրեւ Աստուած եւ եկաւ ցոյց տալու, թէ Աստուա՛ծ ինչ կրնայ ընել։ Սակայն, համաձայն մեր եկեղեցւոյ հայրերուն հաւատալիքին եւ ուսուցումներուն, Աստուած մարդացաւ։ Այս մէկը կը նշանակէ, Աստուած մարդուն հետ, մարդուն պէս եւ իր բնութեամբ ապրեցաւ եւ անցաւ ամէն տեսակի մարդկային զգացումներէ ու ապրումներէ։ Հասկնանք, ի՞նչն է պատգամը Աստուծոյ մարդանալուն ու մարմնանալուն մէջ.

Ա)  Աստուած եկաւ մարդուն ըսելու, թէ ես կողքիդ եմ։ Յաճախ կ’ապրինք այնպիսի վերիվայրումներ, անարդարութիւններ, ցաւեր եւ նեղութիւններ, որ կը յուսահատինք եւ Աստուծոյ կը դիմենք, իր օգնութիւնը հայցելու։ Շատ հաւանաբար, Աստուծոյ ալ կը մեղադրենք, որ կը տեսնէ եւ թոյլ կու տայ, որ նման նեղ ճանապարհներէ անցնինք։ Բայց, իսկութեան մէջ, Աստուած եկաւ ու մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր սէրը, որ խոնարհելով երկինքէն, մեզի հետ զգալով, ապրելով եւ նոյն նեղ, անարդար, դաժան ճանապարհէն անցաւ, եւ նոյնիսկ աւելին։ Աստուած, ինքզինք գերադաս նկատելով, իր աստուածութիւնը չանջատեց մարդկայինէն, այլ շաղախեց իր աստուածային բնութիւնը մարդկային բնութեան հետ, ըսելու համար եկած եմ քեզի հետ զգալու, քեզի պէս ապրելու եւ խոնարհաբար ըլլալու աշխարհի վրայ, որպէսզի գիտնաս, թէ որքան քեզ կը սիրեմ եւ որքանով քեզի հետ կը զգամ։ Երբ մենք Աստուծոյ կը դիմենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կը պատմենք ու կը խօսինք, ուրեմն կը դիմենք այնպիսի Աստուծոյ, որ ինք իսկ ապրած է եւ գիտէ մեր զգացածը։ Այս մէկը մեզ կը քաջալերէ մեր աղօթական կեանքին մէջ եւ մեր հաւատքին մէջ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ Աստուած ողորմած ըլլալուն կողքին, կարեկից, ցաւակից եւ հասկցող Աստուած է։

Բ)  Աստուած մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ աստուածային շնորհքով մա՛րդը ինչ կրնայ ընել։ Եթէ աստուածայինը անջատ էր մարդկայինէն, Յիսուսի մէջ, հետեւաբար Աստուած իր ուժն ու կարողութիւնը ցոյց տուաւ մարդուն, թէ ի՛նք ինչ կրնայ ընել։ Սակայն, ճիշդ հակառակն է. Աստուած մարդացաւ, ցոյց տալով աստուածային շնորհքն ու զօրութիւնը, թէ մարդը ով է, երբ Աստուծոյ լիարժէք զաւակը ըլլայ։ Յիսուս եկաւ, իր փրկութեան շնորհքը տալով, մարդուն արդարացնելու, սրբացնելու ու նորոգելու մարդկային ինկած բնութիւնը։ Ան իր աստուածային շնորհքը տուաւ մարդուն, որպէսզի մարդը գիտնայ, թէ իր մարդկային տկար բնութեան մէջ ինչեր կրնայ ընել եւ յաղթահարել չարն ու անարդարութիւնը։ Յիսուս չվարդապետեց եւ չուսուցանեց, այն ինչ որ միայն ինք կրնայ ընել իբրեւ Աստուած, այլ ցոյց տուաւ, ինչպէս այդ վարդապետութիւնները մարդը կրնայ կեանքի վերածել եւ աստուածութիւնը ապրիլ իր կեանքին մէջ։

Գ)  Սուրբ Կոյս Մարիամը Աստուածածի՛ն է։ Հասկնալով եւ ընդունելով այն իրականութիւնը, որ Յիսուս իբրեւ Աստուած եւ մարդ ծնաւ, կամ Աստուած մարդացաւ, չի կրնար զինք ծնող մայրը անտեսուի, որովհետեւ Յիսուս մարդանալու համար, առաւ մարդուն մարմինէն եւ արիւնէն, ապրեցաւ մաքրամաքուր մօր մը արգանդին մէջ, որպէսզի իր փրկութիւնը բերէ աշխարհին։ Մարդէն առաւ մարդկային արիւնն ու մարմինը, որպէսզի սրբագործէ նոյն բնութիւնը, իր խաչելութեամբ եւ յարութեամբ։ Պատահական անձէ մը չառաւ մարմինն ու արիւնը, այլ առաւ այն սուրբ մայրէն, որ իր մաքրութեամբ, արդարութեամբ, պատրաստ էր կրելու զԱստուած իր մարմինին մէջ, եւ մայր կոչուիլ երկրաւոր կեանքին մէջ եւ մինչեւ երկինք։ Երբ ամէն մարդ, «աստուածանալու» եւ ինքզինք իւրայատուկ ցոյց տալու համար, կ’անջատէ ինքզինք մարդկային խոնարհութիւններէն, Աստուած ի՛նք խոնարհեցաւ մարդուն մէջ, մարդէն ծնելու, մարդկային ամէնէն խոնարհ խաւին պատկանելուն, որպէսզի իր գերագոյն սէրը ցոյց տայ։ Եթէ Յիսուս մարդածին է եւ կամ միայն՝ Քրիստոսածին, կը նշանակէ զինք կը պարպենք իր այն սէրէն, որ ցուցաբերեց մարդուն եւ կ’անտեսենք այն Սուրբ Կոյսը, որ սրբութեամբ պահեց այդ մեծ շնորհքը։

Հետեւաբար, ամփոփելով եւ եզրակացնելով մարդացեալ Աստուծոյ սիրոյն մասին, հետեւեալը պէտք է գիտնանք եւ արժեւորենք։ Այն Աստուծոյն, որուն կը դիմենք, մեզի հասկցող, մեզի կարեկցող եւ մեզի պէս եւ աւելի վատ փորձառութենէ անցած Աստուածն է։ Ան իր սէրը ցոյց տալու համար, իսկապէս եւ ճշմարտապէս խոնարհեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր սէրը զոհաբերուող ու նուիրական սէր է։ Որքան շնորհակալ պէտք է ըլլանք ու պատուենք այն Սուրբ Մայրը, որ ծնաւ ու մայր դարձաւ, մեր Աստուծոյն։ Եթէ Աստուած հաճեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրութիւնը վայելել, հետեւաբար մենք ի՞նչպէս անտեսենք ու չվայելենք նոյն Մօրը մայրութիւնը, որ կը շարունակէ բարեխօսել բոլորիս համար։ Ի վերջոյ, հազար օրհնութիւն եւ շնորհակալութիւն այն երկու հարիւր հայրապետներուն, ինչպէս նաեւ իրենց յաջորդներուն, որ հաւատքը պաշտպանելով, Աստուծոյ իսկական բնութիւնը մեզ ճանչցուցին իրենց ուսուցումներով, որուն մենք այսօր կը պաշտենք, կը սիրենք, կը հաւատանք ու կը հետեւինք։

 

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին