Անցնող ժամերուն ընթացքին Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ բախումներ գրանցուեցան։
Քաղաքացիական հասարակութեան հարիւրաւոր անդամներ հասան Պէյրութի կեդրոնական մաս եւ անոնք փորձեցին ներխուժել «Նըժմէ» հրապարակ, ուր կը գտնուի խորհրդարանի շէնքը։
Սոյն բողոքի հաւաքին մասին, ոչ մէկ յայտարարութիւն եղած է եւ քաղաքացիներ անցնող օրերուն երկրին մէջ գրանցուած ծանր միջադէպին, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն անհոգութեան դէմ բողոքելու նպատակով իջած են փողոց եւ կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարումը։
Ապահովական մարմիններ կը փորձեն փակուած պահել դէպի «Նըժմէ» տանող ճանապարհները, եւ այդ հատուածներուն մէջ բախումներ գրանցուեցան։ Բախումներուն հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ։