Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

Մամլոյ Առցանց Լսարան – 7 – Տաւուշ. Սահմանապահ Գիւղերուն Խնդիրներն ու Հնարաւորութիւնները

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերուն բարեկամները Չորեքշաբթի, 05 Օգոստոս 2020-ին,  Կրինուիչի ժամով 17:00ին (Տաւուշի ժամով՝ 21:00-ին) դարձեալ ժամադրուած էին հանդիպելու արդէն իսկ բոլորին օգտաշատ եւ սպասուած ժամադրավայրը դարձած՝ մամլոյ 7րդ առցանց լսարանին մէջ:

Տաւուշ. Սահմանապահ Գիւղերուն Խնդիրներն ու Հնարաւորութիւնները նիւթին շուրջ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով լեցուն՝ ոգեշունչ, խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան:                                                                           

Զանազան երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներով կազմուած առցանց հանդիպման ընթացքին մասնակիցները Սրբազան հօր տուին հետաքրքրական հարցումներ, որոնց համապարփակ կերպով պատասխանեց Գերշ. Տ. Գալստանեանը:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին