Երկուշաբթի, 20. 05. 2024

spot_img

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՏԻՐԱԿԱՆ ՁԱՅՆԸ. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Տ.Տ. ԽՈՐԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Տ. ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ (1931-1939)

«Սէր, հնազանդութիւն եւ պատկառանք հանդէպ Էջմիածնի եւ անոր հոգեւոր վերին իշխանութեան, տրուած ըլլալով մանաւանդ դժբախտ եւ դժուարին օրերը, որոնք խեղդեր էին ամէն ջանք եւ գործ Մայր Աթոռէն ներս։ Եթէ նոյնիսկ չի խօսիր այսօր մեզի, իր լռութիւնն իսկ պէտք է ընդունինք իբրեւ կենդանի խօսք, իբրեւ պատգամ իր սիրոյն եւ կամքին»

ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ

 

Դոկտոր Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

 

Դաս եւ Դաստիարակութիւն

            Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կապերը թուլցած են եւ Նուիրապետական Աթոռները իրարու նկատմամբ տկար եւ անզգոյշ յարաբերութեան մէջ կը գտնուին։ Հակառակ քաղաքական պայմաններու շատ աւելի թոյլատու եւ ձեռնտու իրավիճակին, Մայր Աթոռը աննախատեսելի դժուարութեանց մատնուած է ու անհանգիստ՝ կատարուած աննախադէպ, ժամանակավրէպ եւ անթոյլատրելի յարձակողական դիրքերէն՝ ուղղակի հայրենիքէն եւ ո՛չ արտասահմանէն։ Կարելի չէր երեւակայել որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանափոխութենէն ետք, բոլորովին ժխտական, շփացած եւ վնասակար դիրքորոշում կրնար ծագիլ Մայր Աթոռի եւ ներկայ Գահակալին դէմ։ Ներկայ գրութեամբ կը փափաքիմ մեր մօտաւոր անցեալէն բարձրագոյն եւ ազնուագոյն օրինակ մը մէջբերել որպէս դաս եւ դաստիարակութիւն ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ պակառանքին ու միասնականութեան։

 

Երուսաղէմ՝ Արտասահմանի Ձայնը

            Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վեցամեայ կարճ գահակալու¬ թեան ընթացքին (1932-1938), արտասահմանի Հայ Եկեղեցւոյ տիրական ձայնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ձայնն էր՝ իր «ՍԻՈՆ» ամսագրով։ Այդ շրջանին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը դադրած էր բազկերակը ըլլալէ արտասահմանի հայ կրօնական համայնքին համաշխարհային առաջին պատերազմի արհաւիրքէն ետք, եւ սահմանափակուած եկեղեցիներու, դպրոցներու, եւ Ազգային Հիւանդանոցի անմիջական պահպանումի կարիքներու շրջանակին մէջ, սոսկ Արքեպիս¬ կոպոսական Աթոռի մը դիմագիծով։

            Կիլիկիոյ Աթոռն ալ հազիւ ինքզինք վերագտած էր իր Անթիլիասի նորահաստատ կայքին մէջ։ Մայր Աթոռ եւս կը մնար անմխիթար եւ նկուն, առանց Հոգեւոր Ճեմարանի եւ պաշտօնաթերթի, եւ ընդմիշտ հակակշռին տակ անկրօն համայնավար դրութեան։ Այդ պատճառով Երուսաղէմ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքով վերածաղկած, եւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի օրով ճոխացած, եկած էր փոխարինելու թէ՛ Կ.Պոլսոյ ուժն ու հեղինակութիւնը, եւ թէ՛ բերանախօսն ըլլալու Մայր Աթոռին։

 

Ս. Էջմիածնի հետ եւ Կողքին                                                                      

            Դատելով «ՍԻՈՆ»ի բանիմաց եւ կորովի խմբագրականներու տոկուն եւ տրամաբանական, անկողմնակալ եւ ազդեցիկ վերլուծումներէն, դիւրաւ կարելի կ՛ըլլայ պատկերացնել ճիշդ եւ օգտաշատ յարաբերութիւնը ընդմէջ Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի, եւ վերջնոյս գերազանց յարգանքն ու պաշտելութիւնը Մայր Աթոռի նկատմամբ։ «ՍԻՈՆ»ի զոյգ խմբագիրներն ալ Արմաշական սերունդի ամենէն ընտիր հոգեւորականներն էին, Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, եւ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, մին 1927-1930, եւ միւսը 1931-1938 տարիներուն որոնք բարձր պահեցին վարկը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իրենց բացառիկ իմացականութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ պատկառանքին վայել բարձրութեամբ, պաշտպան կանգնելով Մայր Աթոռին Խորհրդային Միութեան նոյն դժնդակ տարիներուն, որպէս Միածնաէջ ու անսասան վայրը Մայր Եկեղեցւոյ։ Հոնկէ՛ միայն հեղինակութիւն, ուժ  եւ  հրահանգ պէտք է հասնէր տարածուած Հայ Եկեղեցիներուն։

            Քառասունական թուականներուն սակայն քաղաքական ներքին Արաբ¬Իսրայէլեան տագ¬ նապներ Երուսաղէմի ձայնը տկարացուցին, եւ մինչ այդ ձեռք բերուածը հազիւ կրցան պահել յաջորդող սերունդի միաբանները, գլխաւորութեամբ կարճատեւ գահակալութիւն ունեցող Մեսրոպ Նշանեան (1939-1944) եւ Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան (1944-1949) երկու Պատրիարքներուն։ Երկարատեւ պատրիարքութիւն վարեցին Եղիշէ Տէրտէրեան (1960-1990) եւ Թորգոմ Մանուկեան (1990-2012) Պատրիարքները, որոնք վերականգնեցին Երուսաղէմի ձայնը յամեցող քաղաքական աննպաստ պայմաններուն ներքեւ։ Ներկայիս կ՛ակնկալենք որ Երուսաղէմի անցեալի ձայնը անաղօտ եւ լսելի դառնայ արտասահմանի հայութեան, գէթ մասամբ, եւ միահունչ ղեկավարէ Մայր Աթոռի հեղինակութեան հետ ինչպէս մօտաւոր անցեալին։

 

Մայր Աթոռի Վիճակը

            1930 թուականին, երբ նոր վախճանած էր Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռը յայտնի վտանգի առջեւ կը գտնէր ինքզինք քաղաքական անկրօն եւ հեղցուցիչ պարագա¬ ներու հետեւանքով, երբ նոյնիսկ կարելի չեղաւ յաջորդ Կաթողիկոսի ընտրութեան համար որոշուած առաջին թուականը գործադրել, Ազգային¬Եկեղեցական Ժողով մը գումարելով։ Հայաստանի կառավարութիւնը զայն կարելի դարձուց երկու տարի յետոյ միայն։ Այս ժխտական եւ այլապէս անհակակշռելի դրութիւնը խանգարած էր միտքը արտասահմանեան կարգ մը  ազգայնոց որոնք անլուրջ կերպով եւ անհարկի աճապարանքով այպանեցին Մայր Աթոռը, եւ անոր փոխադրութիւնը Հայաստանէն դուրս բարեդէպ նկատեցին ու գրեցին այդ մասին՝ պղտորելով այլոց միտքը։

            Նման հիւանդագին առաջարկներու դէմ առաջին գրողը եղաւ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան որ իր հուժկու ձայնը «ՍԻՈՆ»էն բարձրացուց համարձակախօս իր խմբագրական¬ ներով դատապարտելով ախտավարակ եւ կործանարար այդ հոգեբանութիւնը։ Հոն ըսուած էր որ յաջորդ Կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը առիթ տուած էր Կ. Պոլսոյ հայ թերթերուն գրելու Մայր Աթոռին Երուսաղէմ փոխադրելու մասին, որուն վրայ «այդպիսի դիտողութիւն մը նոնիսկ մտքէ անցնելու չէր, թող հրապարակաւ արտայայտուիլ», գրած էր Բաբգէն Եպիսկոպոս։ Սրբազանը նոյնիսկ վրդոված էր պահ մը «Արտազու Թադէոս Առաքեալի վանքը մատնանիշ ընողներուն դէմ  իբրեւ ապահով տեղ Մայր Աթոռի փոխադրութեան», հաստատ շեշտելով որ «միայն ու միայն 1441¬էն ի վեր Աթոռը մնացած է Էջմիածին իր պատուանդանին վրայ, Պարսիկ, Օսմանեան, եւ վերջապէս Ռուս տիրապետութիւններու ներքեւ»։ Ուրեմն, վճռած է «ՍԻՈՆ»ի խմբագիր Բաբգէն Եպիսկոպոս, «ո՛չ Արտազ, ո՛չ Երուսաղէմ, այլ մի՛այն Էջմիածին, եւ մի՛շտ Էջմիածին»։

 

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան

            Տարի մը ետք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան յաջորդեց իր ուսուցչին՝ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին որպէս Գահակալ Սրբոց Յակոբեանց ուխտին։ Շուտով իր ձեռքն առաւ «ՍԻՈՆ» ամսագրի խմբագրութիւնը երբ արդէն Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեկնած էր Անթիլիաս։ Որպէս գերազանց խմբագիր, գրագէտ, բանաստեղծ, վերլուծաբան եւ քարոզիչ, Թորգոմ Պատրիարք բացառիկ արդիւնքով ութ փառաւոր տարիներ շնորհեց Պատրիարքութեան, ժառանգաւորաց եւ ընծայարանի վարժարան¬ ներուն։ Յիրաւի իր օրով մեծանուն արմաշականին անմիջական հոգածութեան ներքեւ ամսագիրը իր բարձրակէտին կը հասնէր եւ միաբանութեան շարքերը թիւով եւ որակով կը գերազանցէին։

            Ի պատիւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքին պէտք է արձանագրել որ ինք եւս, հետեւելով իր նախորդին, իր տիրական եւ ինքնատիպ ձայնը բարձրացուց ի շահ եւ ի պաշտպանութիւն Մայր Աթոռին։ Էջմիածնի մէջ կատարուելիք Կաթողիկոսական Ընտրութեանց նախապատրաստութիւն¬ ներուն ռահվիրան եղաւ Թորգոմ Պատրիարք, զգաստութեան հրաւիրելով արտասահմանը՝ կատարելու համար իր պարտքը հանդէպ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռին։ Ան եւս կրկնեց Բաբգէն Եպիսկոպոսի կոչը, թէ «Մայր Աթոռոյ հոգեւոր իշխանութիւնը գոյ է Էջմիածնի մէջ, եւ կը գտնուի գործի վրայ», թէ հայ ժողովուրդը «կը ճանչնայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական իշխանութեան վարիչ վերին մարմին»։ Պատրիարքը «սէր, հնազանդութիւն եւ պատկառանք» կը քարոզէր հանդէպ Էջմիածնի եւ անոր վերին իշխանութեան, տրուած ըլլալով մանաւանդ դժբախտ եւ դժուարին օրերը, որոնք խեղդեր էին ամէն ջանք եւ գործ Մայր Աթոռէն ներս։

            Թորգոմ Պատրիարք իր «Լռութեան Պատգամը» խմբագրականին մէջ գրեր էր «Չմտածել Ընդհանրական Հայրապետութիւնը կամ արեւմտեան հայութեան, այսինքն արտաքոյ Խորհրդային Միութեան ապրող գաղթահայութեան, հոգեւոր հովուապետութիւնը փոխանցելու նոյնիսկ փորձի մը վրայ, վասնզի Էջմիածնէն խզում մը մեծագոյն աղէտ մը կը նկատենք Հայ Եկեղեցւոյ համար»։

 

Կաթողիկոսական Ընտրութիւն

            Ազգային¬Եկեղեցական Ժողովի յապաղած համագումարը բացուեցաւ Էջմիածնի մէջ 1932 Նոյեմբերին։ Թորգոմ Պատրիարք յանուն սփիւռքի բովանդակ հայութեան հրճուանք կը յայտնէր որ «ազգովին ընտրութեան ձայնը իբրեւ ձայն Աստուծոյ, Լուսաւորչի Աթոռին վրայ պիտի բազմեցնէր Վշտալի Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի յաջորդը՝ ի Հայրապետութիւն Ամենայն Հայոց»։ Յիրաւի, Պատրիարքը Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան վաղոր¬ դայնին որքան հրճուանք եւ հոգեկան բաւարարութիւն զգացեր էր իր գրած «Էջմիածին» խմբագրականին մէջ։ Հոն գովասանքը կը հիւսէր Ընտրեալ Հայրապետին, որ Մայր Աթոռի «պարապութեան երկու եւ կէս տարիներու ընթացքին, լիովին արժեցուցած էր փորձ, կիրթ, գործունեայ, ազգի եւ եկեղեցւոյ սիրով տոգորուն, եւ լաւագոյն ձեռնհասութիւններով օժտուած հոգեւորականի իր առաւելութիւնները»։

            Թորգոմ Պատրիարք, փոխանակ այլոց նման իր երեւակայութիւնը անհեռատես եւ անխոհեմ ուղղութեամբ տարածելու, եւ տեսնելու ժխտականը ու մոռնալու իրականը, «ամենէն աւելի մխիթարական» գտած է այն իրողութիւնը որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ընտրուած էր առաջին անգամն ըլլալով «ազգային օրէնքին համեմատ, այսինքն ազգին եկեղեցին ներկայացնող պատգամաւորներու տեսութեանն ու կամքին համաձայն», բան մը որ  աւելի ուժ պիտի տար յետագայ եկեղեցական բարեկարգական ծրագիրներու մշակման գործին եւ շուտով հանդիսա¬ ւորուելիք համազգային տօնակատարութանց՝ Աստուածաշունչի թարգմանութեան 1500-ամեայ դարադարձին առիթով։

 

Բարեկարգութիւն Հայ Եկեղեցւոյ

            Իր Նոյն խմբագրականով Երուսաղէմի Պատրիարքը բախտաւորութիւն կը նկատէր որ տագնապալից այդ շրջանին «Մայր Աթոռոյ մէջ հոյլ մը պատուական եպիսկոպոսներ որոնք իրենց համալսարանական բարձր պատրաստութեամբ իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրին Սուրբ Էջմիածնի պահպանութեան»։ Անոնք, նորընտիր Հայրապետին շուրջ եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի համախոհ, պատրաստեցին Հայրապետական «Զեկուցում» կրճատեալ անունին ներքեւ մանրամասն թղթածրար մը Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին վերաբերեալ, աշխատանք մը որուն անպայման անդրադառնալու են մերօրեայ բարեկարգիչները։ Հայրապետը զայն յանձնեց Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքին առ ի քննութիւն, որ իր կարգին ամենախղճամիտ աշխատանքով վերլուծեց ամէն հարց իր խոհուն տասնեակ մը խմբագրականներով՝ «ՍԻՈՆ» ամսագրին մէջ։ Սա ինքնին արդէն մեծ յաջողութիւն մը եղաւ Խորէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  անունին հետ կապուած, եւ Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի անխոնջ աշխատանքին որպէս լրացուցիչ եզրայանգում, հակառակ Մայր Աթոռը շրջապատող քաղաքական աննպաստ պայմաններուն։

            Հուսկ ուրեմն, Գուշակեան Թորգոմ Պատրիարք իր խօսքը կը կնքէր Էջմիածնի հանդէպ անխառն սիրով եւ պաշտելութեամբ, երբ կը փակէր իր խմբագրականը այսպէս։ «Էջմիածին սուրբ եւ փարելի տեսիլ, զոր հայութեան հոգւոյն մէջ ընդ միշտ եւ խորագոյնս տպաւորեց մեր հոգիներուն լուսատու մեր Հայրը, ազգ ու ժողովուրդ ամէնքս նորէն ոտքի կեցած ենք երգելու համար Միշտ անշարժ պահեա զԱթոռ Հայկազնեայս»։

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին