Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Կայացաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Նախաձեռնութեամբ լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, Հինգշաբթի 30 Յուլիսին Երեւանի ժամով 19:00-ին տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը։

Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անդամները ,  Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներու որդեգրած աշխատակարգերու հետ առնչուած խնդիրներուն, տեղեկագիտութեան նորարարութեան ընձեռած ներկայ կարելիութիւնները արդիւնաւէտ օգտագործելու, Ազրպէյճանի յարձակողապշատութեան վերջին գործողութիւննեուն մասին լրատուութիւնները ներկայացնելու եւ տարածելու ճիշդ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համահայկական լրագրողական ցանցերը մնայուն կերպով աշխատցնելու հրամայականներուն։

Տիկ. Մանէ Գէորգեան ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ
Պրն. Վահագն Աթաբեկեան Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Տարածաշրջանային առցանց նիստերը պիտի շարունակուին․ յաջորդ նիստը պիտի ներառնէ եւրոպական տարածաշրջանը։ Թուականի եւ օրակարգի մասին լրատուադաշտը վերահասու կ՛ըլլայ շուտով։ 

 

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին