Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

Միայն Ամերիկայի մէջ . . . (Only in America!)

Այս անհաւատալի դէպքը պատահած է Վըրճինիա նահանգին մէջ, ասկէ մի քանի տարիներ առաջ։ Սակայն իմ ուշադրութեանս յանձնուեցաւ վերջերս միայն եւ խիստ շահեկան ըլլալուն համար, կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողին հետ՝ վճիռը ձգելով անոր հայեցողութեան։

Ուրեմն 13 տարեկան պատանի մը՝ Ճէք անունով, մօրը հետ շուկայ կ՛երթայ գնում կատարելու։ Ընտանիքին համար պէտք եղած ուտեստեղէնը ապահովելէ ետք, մտահոգ քաղաքացիի մը թելադրութեամբ՝ կը մղուի հետեւեալ առաքելութեան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ի՞նչ է այդ գաղտնի յանձնակատարութիւնը։

Չեմ գիտէր ինչո՞ւ, վերոյիշեալ մտահոգ քաղաքացին կ՛ուզէ գիտնալ թէ խանութպաններ որքանով օրինապահ են եւ սիրայօժար կը գործադրեն երկրի օրէնքները։ Հետեւեալ խանութները հանդիսացած են իրենց առաքելութեան թիրախները։

  • Առաջին առթիւ, անոնք կը մտնեն սիկարէթ ծախողի մը խանութը եւ պատանին յառաջ կը մղեն որ սիկարէթ գնէ։ Խանութպանը կը մերժէ՝առարկելով որ տարիքով շատ փոքր է։
  • Երկրորդ առթիւ, անոնք կը մտնեն ոգելից ըմպելի ծախողի մը խանութը եւ կ՛առաջարկեն որ պատանին գարեջուր գնէ։ Ան դարձեալ կը մերժուի՝ նոյն առարկութեամբ։
  • Յաջորդը, անոնք կը մտնեն քիչ մը ամէն բան ծախողի խանութը եւ կը խնդրեն պատանիէն որ վիճակախաղի տոմսակ գնէ։ Պատանին դարձեալ կը մերժուի, նոյն առարկութեամբ։
  • Անոնք ապա կը մտնեն ուրիշ խանութ մը եւ պատանին կ՛ուզէ պոռնկագրութեան ամսագիր (pornography magazine) մը գնել եւ կ՛արժանանայ նոյն մերժումին։
  • Վերջապէս անոնք կ՛երթան զինամթերքի ցուցասրահ մը եւ պատանին կ՛ուզէ զէնք գնել։ Պիտի զարմանաք երբ ըսեմ թէ ան շատ հեշտութեամբ կը գնէ 22 միլիմեթրանոց հրացան մը (22 caliber rifle, տես նկարը) եւ սրահէն դուրս կ՛ելլէ, առանց աւելորդ հարցուփորձի . . .

Հոս տեղին է յիշել որ ամերիկայի սահմանադրութեան 27 բարեփոխումներէն երկրորդը՝ (second amendment) կ՛արտօնէ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի զէնք կրէ, սակայն այդ քաղաքացին պէտք է որ 18 տարիքը թեւակոխած ըլլայ եւ քրէական որեւէ յանցանք գործած չըլլայ!

Համաձայնութեան մը Զօրութիւնը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ուիսքանսըն նահանգի Մէնոմանի քաղաքէն։ Հոն, երկու մօտիկ բարեկամներ՝ Թոմաս Քուք եւ Ճոզէֆ Ֆինի, 1992-ին եկած են համաձայնութեան մը ըստ որուն՝ ով որ եւ երբ որ վիճակահանութիւնը շահի, պիտի բաժնէ զայն միւս ընկերոջ հետ։

Հոս տեղին է յիշել որ վերոյիշեալ համաձայնութիւնը գոյացած է բերանացի կերպով ու կնքուած՝ ձեռնուելով միայն, յար եւ նման հին ժամանակներու Միջին Արեւելեան երկիրներու վաճառականներուն միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի բանակցութեանց։

Յունիս 10-ին, Թոմաս Քուք վիճակահանութեան (Powerball) տոմսակ մը կը գնէ եւ կը շահի 22 միլիոն տոլար։ Ան յանկարծ կը յիշէ որ 28 տարի առաջ կնքած է համաձայնութիւն մը իր ընկերոջ՝ Ճոզէֆ Ֆինիի հետ։ Ուստի կը հեռաձայնէ անոր եւ կ՛ուզի իր շահը բաժնել անոր հետ, ըստ իրենց  համաձայնութեան . . .

Հիմա՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, երկու ընկերներ իրենց կողակիցներով կ՛ստանան վերոյիշեալ գումարը։ Երբ մօտէն դիտէք նկարը, պիտի տեսնէք թէ ուրախութիւնը կը ցայտկլտայ անոնց դէմքերէն՝ հակառակ որ շահող անձը գումարին կէսը կու տայ ընկերոջ։

Սա անհաւատալի՝ բայց իրաւ դէպք մըն է որ սփռուեցաւ աշխարհի հեռուստատեսիլի բոլոր կայաններէն՝  իր հազուագիւտ շահեկանութեան համար։ Արդարեւ՝ 22 միլիոն տոլարը բաժնել ընկերոջը հետ, ազնուականութեան բացառիկ ժեսթերէն մին է որ դժուար թէ պատահի քսանմէկերորդ դարու եսասէր մեր մարդկային ընկերութեան մէջ եւ վերջ!

Ահաւասիկ երկու դէպքեր՝ որոնք իրական կերպով կ՛արտացոլացնեն ամերիկեան կեանքի բացասական եւ դրական երեւոյթները, հասկցողին շատ բարեւներ։

 

 

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին