Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արշակ Չօպանեան

Արշակ Չօպանեան (15 Յուլիս 1872, Բեշիքթաշ, Իսթանպուլ — 8 Յունիս 1954, Փարիզ), հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ։

Ծնած է Պոլիս, Ակնցի ծնողներէ։ Յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցած է գրագէտներ (ինչպէս՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը)։

Դեռ պատանի կը մօտենայ «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս կ՛ընծայէ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ։

Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, շուտով (1893) կը մեկնի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրական դէմքերու։

Պոլիս դարձէն եւ «Ծաղիկ» գրական թերթի հիմնումէն հազիւ երկու տարի անց, համիտեան սարսափներուն՝ 1896-ին կրկին կը մեկնի Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն, հոն ճգնաւորի կենցաղով ամբողջ կեանք մը անցընելու համար։

1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը կը հասնի մինչեւ 1911, եւ որ իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս…)։

Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը կ՚ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։

Չօպանեան եղած է կուսակցական կարեւոր գործիչ ՌԱԿը նախորդող կազմակերպութիւններու մէջ ինչպէս եւ յետագային ՌԱԿի:

 Չօպանեանի ծաւալուն գրական գործունէութիւնը կը գտնէ լայն ճանաչում։ Կը տօնուին անոր յաջորդական յոբելեանները։ Կը ստանայ շքանշան՝ նաեւ «Ֆրանսական Ակադեմիա»յէն, յատկապէս թարգմանական իր գործին համար։

Մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին