Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Եուսուֆ Քարշ

Եուսուֆ Քարշ (23 Դեկտեմբեր 1908 – 13 Յուլիս 2002, Քանատա) յայտնի լուսանկարիչ։ Լուսանկարուած անձերու կը թուին Էլիզաբեթ Բ-ն, Քասթրոն, Խրուշչովը, Պեռնարտ Շոն եւ Համինկուէյը։ Յատկապէս յայտնի է անոր Ուինսթըն Չըրչիլի լուսանկարները։

Եուսուֆը (հայկական անունը Յովսէփ էր) ծնած է Մարտին քաղաքին մէջ, Օսմանեան կայսրութեան հարաւ-արեւելեան շրջանին էջ[1]։ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ 14 տարեկան տղայ եղած է, ընտանիքը ենթարկուած է հալածանքի, իսկ քոյրը սովէն մահացած էր։ 1922 թուականին ընտանիքով փախած են Հալէպ։ Շուտով ծնողները Եուսուֆին ուղարկեցին Քանատա՝ քեռի Նաղաշի մօտ, որ լուսանկարիչ էր, մօտ ապրելու ու նոր կեանք սկսելու համար։ Այստեղ կը ստանայ կրթութիւնը եւ կ՛աշխատի Նաղաշի արուեստանոցին մէջ։ Նաղաշը տեսնելով Եուսուֆի լուսանկարչական տաղանդը, անոր կ՛ուղարկէ Պոսթըն լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ սորվելու։

4 տարի անց կը վերադառնայ Քանատա եւ կը ստեղծէ իր արուեստանոցը Օթթաուայի կեդրոնը։ Շուտով անոր աշխատանքները կը գրաւեն բազմաթիւ յայտնի մարդոց, սակայն ան աւելի յայտնի կը դառնայ, երբ կը նկարէ Ուինսթոն Չերչիլիը՝ անոր Օթթաուա այցի ժամանակ։ 100 ամենանկատելի մարդոցմէ՝ ըստ International Who’s Who (2000) Եուսուֆը լուսանկարած է 51-ին։

Անգլիացի լրագրող մը գրած է բրիտանական թերթին մէջ, որ «երբ յայտնի մարդիկ կը սկսին անմահութեան մտածողութիւնը, անոնք կը կանչեն Օթթաուայի Քարշը»։ ‌

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին