Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Գաբրիէլ Սունտուկեան 

Գաբրիէլ Սունտուկեան (11 Յուլիս 1825, Թիֆլիս, Վրացական նահանգ — 29 Մարտ 1912, Թիֆլիս), հայ թատերագիր, հասարակական գործիչ։ Հայ գրականութեան մէջ ռէալիզմի սկզբնաւորողներէն մէկը։

Ծնած է Թիֆլիս առեւտրական ընտանիքի մէջ։ Ուսումը կը ստանայ նախ մասնաւոր ուսուցիչներէ, տան մէջ։ Կարճ ժամանակ մըն ալ կը յաճախէ Խ. Աբովեանի վարած դպրոցը, ապա կ՛աւարտէ պետական վարժարանը։ Բացի իրենց տան խօսակցական լեզու՝ վրացերէնէ եւ ռուսերէնէ, կը սորվի լաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն։ 846 թուականին կ՛ընդունուի Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի պատմա-բանասիրական բաժանմունքի արեւելեան բաժինը։ Խանդավառութեամբ կը հետեւի մայրաքաղաքի մշակութային եւ յատկապէս թատերական կեանքին։

1850-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը նշանակուի պետական պաշտօնեայ։ Գրեթէ ամբողջ կեանքը՝ ան պիտի չհեռանայ իր սիրելի Թիֆլիսէն ՝ վառելով պետական պաշտօնեայի եւ ընտանիքի տէր մարդու կանոնաւոր կեանք մը (ամուսնացած էր 1863։

Այս կենցաղը՝ Սունդուկեանի առօրեայ տիպարը եւ կենսագրութիւնը ընդհանրապէս, ձեւով մը անհամապատասխան են իր մշակած գրականութեան։

Լուռ եւ խորհրդապահ մարդ, ան իր մէջ պահած է իր համակրանքները եւ մերժումները, անոնցմով հարստացնելու համար իր թատերական արտադրութիւնը եւ յատկապէս իր գլուխգործոցը «Պէպօ»ն։

Այս վերջին գործը զինք դարձուցած է արեւելահայ գրականութեան իրապաշտ «Պէպօ», «Խաթաբալա»,«Ամուսին» եւ ընկերային իմաստով «Յանձնառուներ»։

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին