Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Լեւոն Զօրեան

Լեւոն Ստեփանի Զօրեան (6 Յուլիս, 1926, Ղարաքիլիսէ – 28 Յունիս 1996 Երեւան), ճարտարապետ, ճարտարապետութեան պատմաբան։

Հայ գրագէտ, ակադեմիոյ անդամ Ստեփան Զօրեանի որդին է։

1950-ին աւարտած է Երեւանի արուեստագիտական հիմնարկը։ 1964-1971-ններուն եղած է Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան վարչութեան նախագահի տեղակալ։

Զօրեանի նախագիծով 1982-1983 Ստեփան Զօրեանի Վանաձոր-ի մէջ գտնուող առանձնատունը վերակառուցուած է Ստեփան Զօրեանի Տուն-Թանգարանը:

Հեղինակ է՝

  • «Թամանեան» մենագրութեան (1978, հայերէն, ռուսերէն)
  • Կազմած եւ ծանօթագրած է «Ալեքսանդր Թամանեան. յօդուածներ, փաստաթուղթեր, ժամանակակիցները անոր մասին» (1960)
  • «Ալեքսանդր Թամանեան (1878-1936). կենսամատենագիտական ցանկ» (1978)
  • «Ռաֆայէլ Իսրայէլեանըժամանակակիցների յուշերում» (1981)
  • «Ռաֆայէլ Իսրայէլեան։ Յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, ակնարկներ» (1982, համահեղինակ) ժողովածուներ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին