Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մհեր Մկրտչեան

Մհեր Մուշեղ Մկրտչեան (4 Յուլիս 1930[1][2], Լենինական — 29 Դեկտեմբեր 1993[1][2], Երեւան), նշանաւոր հայ դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ, շարժանկարի եւ թատրոնի մեծ կատակերգու։

Մհեր Մկրտչեանը ծնած է Կիւմրի 1930-ին։ Հայրը ծագումով մշեցի էր, իսկ մայրը՝ վանեցի։ Գիւմրիի մէջ յաճախած է նկարչական ու երաժշտական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ՝ թատերական։ 1945-46 թուականներուն ուսանած է Մռաւեանի անուան թատրոնի նկարահանման բաժանմունքը, աւարտելէն ետք, 1947-ին մաս կը կազմէ թատրոնի հիմնական խումբին մէջ։ Այս թատրոնին մէջ Մհերը խաղացած է տասնեակէ աւելի մեծ ու փոքր դերեր՝ ցուցաբերելով իր տարիքին համար անսովոր վարպետութիւն։

1953-ին ան կը տեղափոխուի Սունդուկեանի անուան թատրոն, կը սորվի գեղարուեստաթատերական հիմնարկին մէջ (ունենալով իբրեւ ղեկավար՝ Վ. Վաղարշեան)։ 1959-ին բեմադրիչ Համասի Մարտիրոսեանը զայն հրաւիրեց նկարահանուելու «01-99» կարճ շարժանկարին մէջ, ուր եւս Մհերը ստեղծեց յաջող կերպար մը, զոր մինչեւ այսօր հանդիսատեսը չի մոռնար։

Բարձր մասնագիտացումը, կերպարին ազգային դէմք ու դիմագիծ հաղորդելու կարողութիւնը, պաստառի ճշմարիտ զգացողութիւնն ու շատ այլ յատկանիշներ Մհեր Մկրտչեանին հնարաւորութիւն տուին դասուելու շարժապատկերի արուեստին ինքնատիպ անուններու շարքին։ Այդ ամէնը հիանալի դրսեւորուեցան Արսէն («Նուագախումբի տղաները»), Գասպար («Եռանկիւնի»), Իշխան («Մենք ենք, մեր սարերը»), Հայրիկ («Հայրիկ»), Ամիրօ («Նահապետ»), Գրիգոր աղա («Կտոր մը երկինք»), Իսայի («Խաթաբալա») դերերուն մէջ։

Մհեր Մկրտչեանը, եթէ «Հայֆիլմ»ին մէջ յաջողությամբ կը մարմնաւորէր թատերական կերպարներ, ինչպէս Նիկոլը («Հին օրերի երգը»), ապա այլ շարժապատկերի ընկերութիւններ զայն կը հրաւիրեն բացառապէս կատակերգական դերերու համար։ Ան նկարահանուեցաւ «Կովկասի գերուհին», «Այբոլիտ-66», «Միմինօ», «Ալի պապան եւ քառասուն աւազակները», «Ունայնութիւն ունայնութեան» ժապաւէններուն մէջ, ուր խաղացած դերակատարումները գնահատուեցան պետական բարձր պարգեւներով։

Մհեր Մկրտչեանը մահացած է 1993 թուականին։ Գիւմրիի մէջ կը գործէ Մհեր Մկրտչեանի անուան թանգարանը, ուր կան հարուստ նիւթեր դերասանի կեանքի, ստեղծագործութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անոր անձնական իրերէն։

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին