Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յարութիւն Մրմրեան

Յարութիւն Մրմրեան (1860, Կոստանդնուպոլիս – 21 Յուլիս 1926, Կոստանդնուպոլիս), ծնած է Սկիւտար նախակրթութիւնը կը ստանայ թաղի վարժարանին մէջ՝ ուր ուսուցիչ կ’ունենայ «Պուէտ» խաչատուր Միսաքեանը։ Կեանքի ասպարէզ կը մտնէ իբրեւ առեւտրական, սակայն գրականութիւնը զինք կ’առնէ իր հմայքին տակ։ Կը վերադառնայ գիրքերուն։ Ինքնաշխատութեամբ կը սորվի անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Հմուտ գրաբարագէտ մը ըլլալով հանդերձ, կը յարի աշխարհաբարեաններուն, թէեւ իր գրականութեան մէջ գրաբարը յաճախ կը զգացնէ իր շեշտ ներկայութիւնը։ Կ’ուղեւորի Անգլիա, Աղեքսանդրիա, Երուսաղեմ եւ Յոպպէ:

Հետեւեալ հիմնական գիծերով կարելի է բնորոշել Մրմրեանի գործերուն նկարագիրը.

Ուղեւորութիւններէ թելադրուած էջեր՝ որոնց մէջ է որ կերեւի գրագէտը։ Լեզուական խոցեր ունի. Սակայն իր խորհրդածութիւններուն մէջ գիտէ մտածումէն երթալ զգացումին եւ՝ փոխադարձաբար։ Որեւէ վայր, հնութիւն, պատկեր, բնութեան խաղ, կամ պատահական անցքեր ու անձեր՝ զինք կը մղեն նկարագրական եւ մտածական, զգացումներու։ Կը դանդաղի անունի մը քով, դէմքի մը կամ վայրի մը մօտիկ, բնութեան տարրերու քովն ի վեր, ու կը փորձէ վերլուծական ճամբով ներկայացնել բնազանցական մտասեւեռումներ՝ որոնք արտաքին իրականութիւններէ թելադրուած են ու իր միտքը կը գրաւեն։ Իմաստասիրելու ախորժ մը, որ ցայտում է կրօնաշունչ կամ ոգեպաշտական խոկումներու մէջ, եւ որոնք իսկական տրամադրութիւնները կը յատկանշեն։ Հոգեւորի տարօրինակութիւններ ունի։ Իր նախապաշարումներով՝ որ կը բաժնուի բնականոն մարդոց տիպարէն։ Աղօթքի եւ վերացած մարդերու յատուկ մարդերու յատուկ այլուրութիւն մը կայ իր էջերուն մէջ կարծես հողի վրայ չ’ապրիր։ Իմաստասիրական այս կարգի մտասուզումներ կը գտնենք «Ալելուիա-Իննեակ իմաստասիրական» գործին մէջ, ուր կը դանդաղի բնազանցական նիւթերուն վրայ, Անհունը, Բովանդակը, Աստուած, Հանքար, Գեղեցիկը, Սէրը, Մահը, Աստուած, Հաստատութիւնը։ Կը տեսնէք, որ բոլորն ալ … մեր աշխարհէն դուրս ու հեռու հարցականնե՜ր եւ յաւիտենական անծանօթներ են, իրենց խորհուրդով եւ մշուշով ծանր, անմարսելի, գրականէն անդին տարողութեամբ մը։ Այս գործի երկրորդ տպագրութեան մէջ՝ աւելցուցած է տասներորդ նիւթ մը։

Հոգեկանութիւն եւ նիւթականութիւն, «իննեակ իմաստասիրական»ն ալ վերածելով «տասնեակ իմաստասիրական»ի։

Ըսենք, որ այսօր ճամաղ կը թուին մեզի խորհրդածական այդ էջերը, իրենց լեզուով ալ ծանրագնաց, գէշ բացատրուած եւ շփոթ։

Թարգմանական բազմաթիւ գործեր եւ էջեր ունի, ընդհանրապէս գրաբար կամ գրաբարախառն։

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին