Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Սերովբէ Պէնկլեան 

Սերովբէ Պէնկլեան (29 Յունիս 1834, Բերա (Պոլիս) – 28 Փետրուար 1900, Աղեքսանդրիա), հայ դերասան եւ թատերական գործիչ։

Յաճախած է Բերայի ազգային երկսեռ վարժարանը։ Փոքր տարիքէն աշխատած է եւ այդ իսկ պատճառով դպրոց չէ յաճախած: Աշխատած է ըմպելարանի մը մէջ՝ իր եղբօր հետ: Ան ունէր չորս եղբայր: Սերովբէ կարդալ չէր գիտէր, ինչպէս նաեւ անոր հայերէն արտասանութիւնն ալ օտար առոգանութիւն ունէր: Ան արհեստ չունէր:

Օր մը երբ ան ներկայ էր հայերէն լեզուով ներկայացման մը, կը զգայ թէ ինք ընդունակ է դերասանութեան, եւ իր բնածին տաղանդէն մղուած՝ 1857-1858-ին բեմ կը բարձրանայ խասգիւղի մէջ, մասնակցելով Մազաքեան-Աճէմեանի ներկայացումներուն:

1861-1862 ան կը մտնէ արեւելեան թատրոնի խումբին մէջ իբրեւ դերասան:

Բեմական գործունէութիւնը սկսեր է 1857 թուականին։

  • 1861 թուականինմասնակցեր է «Արեւելեան թատրոնի» ներկայացումներուն,
  • 1863 թուականինԷքշեանի խումբին հետ կ’երթայ Զմիւռնիա եւ հանդէս եկեր է Զմիւռնիոյ այլ թատերախումբերու մէջ,
  • 1868 թուականին՝ Յակոբ Վարդովեանի«Օսմանեան թատրոն»ի մէջ։
  • 1878 թուականինկազմակերպեր է մասնագիտական օփերէթային խումբ, որ բեմադրեր է հայկական եւ թարգմանական օփերէթներ։ խումբի մէջ հանդէս եկեր են Սիրանոյշը, Գարագաշեան քոյրերը, Մարտիրոս Մնանկեանը, Դաւիթ Թրեանցը, Դ․ Շիրինեանը, Մ․ Չափրաստը եւ ուրիշներ։
  • Սերովբէ Պէնկլեան Թատերախումբը հիւրախաղերով այցելեր է Թուրքիայի, Յունաստանի, Եգիպտոսիշարք մը քաղաքներ։
  • Լաւագոյն դերերէն են՝ Բել (Ռ․ Սետեֆճեանի «Հայկ դիւցազն»), Մերզուկ (Շ․ Լեկոքի «Ժիրոֆլե-ժիրոֆլիա»), Արիֆ, Հոր-հոր աղա (Տիգրան Չուխաճեանի«Արիֆ», «Լեպլեպիճի Հոր-հոր աղա»), Շապուհ (Մ․ Պեշիկթաշլեանի «Արշակ Բ», բեմ․ Սերովբէ Փենկլեանի, 1899, Փարիզ)։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին