Կայուն տնտեսութիւնը կարեւոր է քաղաքական, տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան համար. այս եզրայանգումով Պաապտայի մէջ կայացած ազգային հանդիպումէն դուրս եկան ժողովականները, մինչ ժողովէն կը բացակայէին 9 բանալի ընդդիմադիր անձնաւորութիւններ:
Արդարեւ երէկ Նախագահ Աուն գլխաւորեց Պաապտայի մէջ իր հրաւէրով կայացած կլոր սեղանի հանդիպումը բացակայութեամբ իսլամ եւ քրիստոնեայ կարեւոր կողմերու, որոնք պոյքոթեցին այս հանդիպումը զայն որակելով անարդիւնք:
Հանդիպումին, որ սկզբունքով կը միտէր վահանապատել երկրին անապահով իրավիճակը, զուգակցեցաւ հակակառավարական բողոքի ցոյցերով: