Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մայքըլ Արլէն

Մայքլ Արլէն (անգլերէն՝ Michael Arlen, Տիգրան Գույումճեան, 16 Նոյեմբեր 1895, Ռուսէ — 23 Յունիս 1956, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայազգի աշխարհահռչակ գրագէտ։

Երբ դեռ հինգ տարու էր Տիգրան՝ հօրը հետ Լոնտոն կ’անցնի, ուր նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք բժշկութիւն կը հետեւի Էտինպըրկի համալսարանը: Կէս ամիս կը տեւէ սակայն իր ուսողութիւնը. կը դառնայ Լոնտոն ու ապրուստը ճարելու համար ինքզինքը կու տայ գրականութեան:

Մեծ պատերազմին իբր պուլկարահպատակ՝ թշնամի կը նկատուի յաջս Անգլիական իշխանութեան, բայց իր սրտաբուխ պաշտպանողականովը կ’արտօնուի կառավարութեան ի նպաստ աշխատիլ եւ գրիչ շարժել: Պատերազմէն վերջ կը նուիրուի վիպագրական ճիւղին. եւ իր բեղուն երեւակայութեամբ եւ գրաւիչ ու խայթհամեղ ոճով յաջորդաբար կ’արտադրէ գործեր. որոնք ցոյց կու տան թէ հեղինակը բրիտանական աշխարհի բարեկեցիկ դասուն կենցաղն ու տիպարները լաւագոյնս ուսումնասիրած էր. Եւ որոնցմով աշխարհահռչակ կը դառնայ, – չէ՞ որ տիեզերական էր գործածած լեզուն, անգլիերէնը: Ահա իր սկզբնական տարիներու երկերը. Կանանչ գլխարկը, Ասպատակութիւն, Անհեթեթ կինը. Լոնտոնեան Արկածախնդրութիւն: Բոլոր անգլիական թերթերը միշտ ներբողած են հայածին Արլէն Մայքլը:

Մ. Արլէն 1924-ին Միացեալ Նահաներու մէջ լոյս ընծայեց նոր հատոր մը, Չքնաղ Մայիս, որուն մասին Ուըրլտ թերթի քննադատը խիստ արտայայտուեցաւ սակայն, հեղինակը ներկայացնելու իբր մէկը՝ որ ժողովրդականութիւն շահելու մարմաջէն տարուած, իր գրիչին իջեցուցած է հասարակ վիպասաններու աստիճանին: Որքան որ Արլէն առիթ չէ ունեցած լեզուն սորվիլ եւ հայ մշակոյթով սնանիլ, սակայն ամէն առիթի յայտնած է հպարտութեամբ իր հայ ըլլալը: 1924-ին երբ Ամերիկա գնաց՝ ան շփում ունեցաւ իր ազգակիցներուն հետ: Միացեալ Մահանգներու թերթերէն մին Գըրրընտ Օփինեըն գրեց մեր ազգակցին մասին. «Մ.Արլէն նոր աստղ մըն է գրական երկնակամարին վրայ։ Այս երիտասարդ Հայը կը գրէ անգլերէն ա’յնքան սահուն եւ խնամեալ՝ որ կարծես անգլիացի մը եղած ըլլար: Իբր զրուցաբան՝ կարելի է դասել եթէ ոչ Ասքըր Ուայլտի, գէթ Մաքս Պիրպոմի շարքին»: Ն. Եորք Թայմզ, «Նրբակերտ ու ողջամիտ երկ («Կանանչ գլխարկը»), վախճանը կատարելութեան, որով ստուգիւ պիտի պարծէր մերօրեայ որեւէ վիպագիր. Հրաւէր մը անթերի արուեստի:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին