Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Տմիթրի Կեսայեանց

Տմիթրի Գագիկի Կեսաեանց (18 Յունիս, 1931, Երեւան, Հայաստան – 1 Յունուար, 2001, Երեւան, ՀՀ), բեմադրիչ, սցենարիստ, փաստագրական, կարճատեւ, երկարատեւ եւ այլ ժանրերու ֆիլմերու հեղինակ։

Տմիթրի Կեսաեանց, ծնած է 1931 թուականին Երեւանի մէջ՝ Կարսէն արտագաղթած ազնուականներու ընտանիքի մէջ։ Հօր կողմի նախնիները ստիպուած էին իրենց իրական Բագրատունի ազգանունը փոխել Կեսայեանցի, որպէսզի խուսափին պոլշեւիկներու ճնշումներէն։ Այնուամենայնիւ ԽՍՀՄ ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատը (ՆԳԺԿ) իմացաւ ընտանիքի ազնուական արմատներուն մասին եւ երբ Տմիթրին 12 տարեկան էր, ընտանիքը աքսորուեցաւ Սիպիր։ 1949 թուականին Կեսայեանցը վերադարձաւ Հայաստան։ Աքսորի դժուար ժամանակաշրջանին նուիրուած է Կեսայեանցի վերջին սցենարը՝ «Աստծոյ պատիժը», որուն հիման վրայ այդպէս ալ ֆիլմ չնկարահանուեցաւ։

1950 թուականին Տմիթրի Կեսայեանցը աւարտեց մանկավարժական ուսումնարանը, իսկ 1954 թուականին դարձաւ Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի դերասան։ 1957 թուականին ընդունուեցաւ ՎԳԻԿ-ի բեմադրիչի բաժինը՝ Գրիգորի Կոզինցեւի արուեստանոց։ Հիմնարկը աւարտելէ ետք վերադարձաւ Երեւան եւ մինչեւ կեանքի վերջը աշխատեցաւ Հայֆիլմ ֆիլմի սթիւտիոյին մէջ, ինչպէս նաեւ կը դասաւանդէր Երեւանի Խ․ Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին