Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Արշակ Ալպօյաճեան

Արշակ Ալպօյաճեան (17 Յունիս 1879, Իսթանպուլ — 24 Յունիս 1962), բանասէր, գրագէտ հրապարակագիր եւ պատմաբան:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէրպէրեան վարժարանի մէջ, որմէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք 1895 թուականին անցած է Կենդրոնական, 1899-ին կը թողու դպրոցը եւ մինչեւ 1908 թուական առեւտրական ասպարէզի մէջ կ’ըլլայ, աշխատակցելով միեւնոյն ատեն լրագիրներու: 1908 Յունուարին վարչական պաշտօնեայ «Բուզանդիոն»ի միջեւ 1918-ը:

Ալպօյաճեանի հանրային կեանքը սկսած է 1908-ին, Գում-գաբուի Յառաջդիմասէր Ընկերութեան հիﬓադիրներէն մին ելլալով: Նոյն թուականին Ատենապետն եղած է Գում-գաբուի Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ Անդամակցած է կարճ ատեն մը Զորից Թաղերու Աղքատախնամին:

1909-ին Ռամկավար կուսակցութեան անդրանիկ անդամներէն մէկը եւ յետոյ բազմիցս անոր Կ. Պոլսոյ եւ Գահիրէի վարչուդեան անդամ: Հրաժարած է կուսակցական կեանքէ 1930-ին:

1910-ին երեսփոխան ընտրուած է Մաքր-գիւզէն եւ ապա Պէօյիւքտէրէէն: Մասնակցած է Յանձնաժողովներու: 1922-ին Ա» Ատենապետ ազգային ժողովին: 1926-ին անդամ եւ ատենադպիր Գահիրէի Քաղաքական ժողովին, մինչեւ դիւանապետութեան կոչուիլը:

Ալպօյաճեան 1936-1937-ին Գահիրէի մէջ խմբագրած է «Ազատ Միտք» 8 էջնոց շաբաթաթերթը որ մէկ տարուան կեանք ունեցած է:

Ալպօյաճեանի գլուխ-գործոցն է «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ» ընդարձակ, 2000 էջերէ աւելի բաղկացած գործը, զոր լոյս ընծայեց 1937-ին:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին