Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Տեմիս Ռուսոս

 

Տեմիս Ռուսոս (իսկական անունը՝ Արթեմիոս Վենթուրիս Ռուսոս,15 Յունիս, 1946 Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս – 25 Յունուար, 2015 Աթէնք), յոյն երգիչ։ Իր երաժշտական գործունէութեան ընթացքին, ամբողջ աշխարհին վաճառած է իր ալպոմներու մօտ 60 միլիոն օրինակ։

Տեմիս Ռուսոս, ծնած է 15 Յունիս 1946-ին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ մէջ, երաժշտական հարուստ աւանդոյթներով յունական ընտանիքի մէջ։ Անոր մայրը երգչուհի էր, իսկ հայրը՝ դասական կիթառ նուագող։ Երաժշտական դպրոցին մէջ սովորելու տարիներուն, Տեմիս իւրացած է շեփորի, քոնթրապասի եւ երգեհոնի: 1950-ականներու կէսերուն, ընտանիքը տեղափոխուած է Յունաստան:

1963-ին Տեմիս Ռուսոս Վանկելիսի եւ Լուքաս Սիտերասի հետ ստեղծած էր «Aphrodite’s Child» խումբը։ 1968-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումէն ետք, խումբը տեղափոխուած էր Փարիզ, ուր յաջողութեան հասած՝ «Rain & Tears» երգի շնորհիւ։

1971-ին Ռուսոս հեռացած էր խումբէն եւ սկսած՝ մեներգիչի գործունէութիւնը։ 1974-ին անոր «Forever & Ever» ալպոմը մեծ յաջողութիւն բերած էր։ «Happy То Be On An Island In The Sun» երգի միակ անգլիական հիթ-շքերթին մէջ բարձրացած էր մինչեւ 5-րդ հորիզոնական, բայց «Can’t Say How Much I Love You» երգի եւ «Souvenirs» ալպոմի ցած դիրքերը կը վկայէին հեղինակութեան անկման մասին։ Սակայն յամառ երգիչը «The Demis Roussos Phenomenon» հեղինակային երգով յաղթական երթ կատարած էր դէպի անգլիական «Թոփ 20»-ի գագաթը։ Նոյն թուականին «When Forever Has Gone» երգը երկրորդ հորիզոնականին հասած էր։ Աւելի քիչ յաջողութիւն արձանագրած էր «Kyrila» երգը, որ մէկ կերպով 40-րդ հորիզոնականը գրաւած էր։

Ռուսոսի ձայնագրութիւններու ժողովրդականութեան անկումը կը հակադրուէր անոր համերգային ելոյթներու հետ, ուր ան հմտօրէն կ՛օգտագործէր որ անսովոր թենորը: Նախապատուութիւնը իր զգեստաւորուած շոուի բեմական ձեւաւորմանը տալով՝ Տեմիս Ռուսոս հանդիսականներուն դէպի շոուի մէջ կը ներքաշէր դեռեւս մինչեւ երգելու սկսիլը։

Ռուսոսը տուն ունէր Ֆրանսայի մէջ (Նէյիի մէջ), սակայն տարուան հիմնական մասը Յունաստանի մէջ կ՛ապրէր:

Մասնակցած է «Հրէ մարտակառքեր» եւ «Սայրի վրայով վազողը» ֆիլմերու ձայնագրութեան։

Գրած է «Ինչպէս նիհարցայ» գիրքը։

Տեմիս Ռուսոս ուներ երկու երեխայ։ Դուստրը՝ Էմիլիան, կ’ապրէր Փարիզ, իսկ որդին՝ Սիրիլը, Յունաստանի մէջ կը բնակէր եւ կ’աշխատէր տիճէյ՝ քարոզելով իր հօր արուեստը: Չորս անգամ ամուսնացած էր։ Վերջին կինը՝ Մարին, փարիզաբնակ ֆրանսուհի էր։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին