Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Փիթըր Պալաքեա

Փիթըր Պալաքեան (13 Յունիս 1951, Նիւ Ճըրզի) ամերիկահայ գրող, բանաստեղծ:

Ուսումը ստացած է Պաքնըլ, Պրաուն եւ Նիւ Եորքի համալսարաններուն մէջ: 1980 թուականէն կը դասաւանդէ Քոլկէյթ համալսարանը (Նիւ Եորք, Համիլթոն): Աշխատակցած է «Նէյշըն», «Վերճինիա Քուուրթըրլի», «Ռեւիու» եւ այլն պարբերականներու: Հրատարակած է բանաստեղծական բազմաթիւ ժողովածուներ, որոնց շարքին՝ «Ֆիշէյ հայրը» (1979), «Պայծառութեան տխուր օրեր» (1983):

1998-ին «Ճակատագրի սեւ շունը» (Black Dog of Fate, A Memoir) յուշագրութիւնը (հայերէնի թարգմանուած Արտեմ Յարութիւնեանի կողմէ 2004ին) ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան լաւագոյն գիրք», իսկ 2003ին լոյս տեսած «Այրող Տիգրիս. Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի հակազդեցութիւնը» (The Burning Tigris։ The Armenian Genocide and America’s Response, 2003)[2] ծաւալուն փաստա-վաւերագրական աշխատութիւնը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ «Տարուան նշանակալից գիրք»: 2010-ին հայերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Պալաքեանի «Լոյսի տխուր օրերը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Պալաքեան, գործակցութեամբ Արիս Սեւակի, 2009-ին անգլերէնի թարգմանած ու հրատարակած է իր մեծ հօր եղբօր՝ Գրիգորիս եպս. Պալաքեանի «Հայ Գողգոթա» խորագրով ծաւալուն երկհատոր յուշագրութիւնը։

Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճուրնըլ» հատորը 2016-ին արժանացած է «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին՝ բանաստեղծութեան ճիւղին մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին