spot_img

Հայաստանի Մէջ 100-Է Աւելի Վարակակիր Ոստիկան Կայ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մօտ 100 ոստիկան կայ: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանը:

«Ոստիկանութեան համակարգին մէջ մօտ 100 ոստիկան կայ վարակուած: Կան նաեւ մեկուսացուածներ: Անոնց վիճակը նորմալ է, ունեցած ենք դէպքեր, երբ վատ եղած են, բայց հիմա ապաքինուած են»,- ըսած է Սարգսեանը:

Հայաստանի մէջ 5 Յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11 817 դէպք, որոնցմէ 3513-ը՝ առողջացած: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 183:

Կառավարութիւնը 14 մայիսին որոշում կայացուցած է ՀՀ-ի մէջ 16 մարտին յայտարարուած եւ մինչեւ 14 մայիս երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը 14 մայիսէն՝ ժամը 17:00-էն երկարացնել եւս 30 օրով՝ մինչեւ 13 յունիս՝ ժամը 17:00-ն ներառեալ ժամկէտով:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին