Լիբանանի մէջ 6 նոր վարակակիր գրանցուեցաւ: Այս նոր թիւը նկատուեցաւ, որպէս կարեւոր անկում մը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:
Լիբանանի մէջ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասաւ 1312-ի, մինչ քորոնա վարակով մահացածներու ընդհանուր թիւը 28 է:
Երէկուայ գրանցուածներէն 3 տեղական վարակումներ են, մինչ մնացեալ երեքը արտասահմանէն վերադարձողներու շարքերէն էին:






