Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Գալուստ Խանենց

Գալուստ Խանենց (Լեւոն Խանեան, 25 Յունուար 1910, Թեհրան – 4 Յունիս 1998, Թեհրան), իրանահայ գրող։

Նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսական ու պարսկական վարժարաններու մէջ։ 1928-էն սկսեալ իրանահայ եւ արտասահման պարբերակներուն հետ աշխատակցած է՝ ինքնագիր քերթողներու գործերէն թարգմանութիւններով։

1957-1974 անջատ ութ հատորներով հրատարակուած են իր բանաստեղծութունները՝ «Ամբողջ Սրտով» (1957) , «Հրաշալի Զօրութիւն» «1972), «Բարեւ Քեզ, Մարդ» (1974), «Հայ Ժողովրդի Վերածնունդը»։ Պարսկերէնի թարգմանուած են՝ «Հրաշալի Զօրութիւն» եւ «Բարեւ Քեզ Մարդ» հատորները:

Իմաստասիրական հակումներու տրամադիր, լեզուական-արտայայտչական ժուժկալութեամբ ուշագրաւ՝ իր բանաստեղծութիւնները մարդկայնական խորք եւ շունչ ունին, կը բարձրանան ընթացքէն վեր եւ երբեմն կը հասնին թելադրական ներուժութեան։

Գալուստ Խանենց, իրանահայ կեանքի 1920-1980 վաթսունամեայ տեւողութեան մէջ՝ քերթողական, թէ՝ արձակ գրական ստեղծագործութիւններու հասարակաց լարը բնութիւնն է, սէրը, ազգային թախիծը եւ գաւառիկ հայրենասիրութիւնը։ Տասնամեակները ոչինչ փոխած են ապրումի, մտածման, զգացական թէ իմաստասիրական այն մտածումներուն մէջ, որոնք կ՝առնչուին մարդուն կեանքին, եւ առնուազն իրենց արտայայտութեան ձեւին հետ որոշ անձնատպութիւն կը բերեն։ Քիչ անուններ կան, որոնք յանդգնութիւնն ունեցած են կամ ունին թանձր ռոմանթիզմի խոզակը պատռելու եւ խորքի թէ՛ ձեւի ինքնութեամբ մը՝ հասնելու բանաստեղծական որակի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին