Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Խաչատուր Լազարեան

Խաչատուր Յովակիմի Լազարեան (1 Յունիս 1789 – 10 Հոկտեմբեր 1871), հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ մշակութային գործիչ, ռուսական պետական խորհրդական, Լազարեան ճեմարանի հոգաբարձու, մեծ դեր կատարած Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացնելու գործին մէջ։ Կազմած եւ ռուս կառավարութեան ներկայացուցած է «Շարք մը առաջարկներ Վրաստանի եւ հարակից երկրամասերու մասին» ծրագիրը՝ առաջարկելով Ռուսական կայսրութեան ենթակայ Հայաստանի տարածքին մէջ ստեղծել ինքնավար Հայոց թագաւորութիւն։ Մեծ ջանքեր գործադրած է ռուսահայ գաղութներու երբեմնի արտօնութիւններն ու առանձնաշնորհումները պահպանելու համար։ Անոր շնորհիւ 1849 թուականին Լազարեան ճեմարանը ճանաչցուած է Արեւելեան լեզուներու հիմնարկ։ Նպաստած է ճեմարանի տպարանի բարելաւմանը։ Անոր հանձնարարութեամբ 1833-1838 թուականներուն կազմուած է եւ Մոսկուայի մէջ ռուսերէն հրատարակուած է «Հայ ժողովուրդի պատմութեան տեսութեան վերաբերող դիրքերու ժողովածու»-ն, որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու յարաբերութիւններու պատմութեան կարեւոր աղբիւր է։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին