Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Տեսանկիւն. Ազգային Արժէքներու Հանդէպ Անկումային Պահուածքի Մէկ Նոր՝ Անհաւատալի Դրսեւորում

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հայրենի համբաւաւոր «Արարատ 73»  խումբի յաղթանակները յաւերժացնող նշանաւոր արձանախումբին շարք մը արձանները գողցուած են…:

Save

Համօգտագործել

Արդարեւ եւ ըստ «Արմէնփրես»ի հաղորդման, ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Երեւանի մէջ պատուով տեղադրուած  «Արարատ 73» խումբի  ֆութպոլիսթներուն նուիրուած արձանախումբի արձաններուն գողութեան մասին զրուցած է ՀՀ ոստիկանապետ Արման Սարգսեանի հետ։

Յանցագործները  գողցած են արձանախումբի երրորդ շարքին տեղադրուած 4  արձանները:

Հազիւ լուրը առած անմիջապէս զանգեցի Հայաստանի իմ գործընկերիս զարմանքով յայտնելով, որ այս ի՞նչ տեսակ գողութիւն է, միամտաբար հարցնելով, որ գողցողը արձանները ի՞նչ պիտի ընէ…: Գործընկերս ցաւով պատասխանեց. «Սեւակ քեզ համար անոնք մշակութային յուշարձաններ են. գողներուն համար՝ քիլոյով ծախուելիք պրոնզ…»:

Միամտութեանս վրայ զարմացած աւելի եւս բարկանալով մտածեցի, որ լա՛ւ ոստիկանութիւնը ո՞ւր էր գողութեան պահուն եւ անոնց տեղափոխութեան միջոցին: Շուտով անդրադարձայ, որ միամտութենէս եւ հսկողութեան չգոյութենէն անդին կը պարզուի շատ վտանգաւոր երեւոյթ մը: Տուեալ գողերը ի՞նչ տեսակ դաստիարակութիւն ստացած մարդիկ են, որ գողութեան մը քրէական եւ բարոյական խնդիրէն անդին, անոնց քով ահաւոր անկում կայ ազգային արժէքներու հանդէպ յարգանքի ու գուրգուրանքի, եւ եթէ երեւոյթը ընդհանրական է, ապա վիճակը լուրջ ահազանգային է եւ տուեալ ոլորտի նախարարութեան ուսերուն կ՛իյնայ ո՛չ միան տեղեկագիր տալ ոստիկանութեան, այլ անմիջապէս լծուիլ նման անկումի կանխարգիլման դաստիարակչական աշխատանքին վրայ, որ նոյնքան կարեւոր է որքան ապահովական համակարգը, որովհետեւ ֆիզիքականն ու նիւթականը եթէ կերպով մը կը փոխարինուի, հաւաքականութեան մը բարոյական անկումը, սերունդներ կ՛ուզէ վերականգնելու համար…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին