Հենրի Ֆինիս Պլոս Լինչ (18 Ապրիլ, 1862, Լոնտոն, Անգլիա – 24 Նոյեմբեր, 1913, Քալէ, Ֆրանսա): Ան Անգլիացի հայագէտ, աշխարհագէտ, ճանապարհորդ եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ մըն է։
Հայաստան կատարած երկու ճանապարհորդութիւններուն (1893-1894 եւ 1898) ընթացքին, Հենրին իր հաւաքած նիւթերուն հիման վրայ գրած է երկար ճանաչում մը՝ «Հայաստան» աշխատութիւնն ու ստեղծագործութիւնը (1901, հայերէն համառօտ թարգմանութիւն՝ 1913-1914), որ կազմուած է երկու հատորներէ «Ռուսական Հայաստան» եւ «Տաճկահայաստան»։ Այս ստեղծագործութիւնը կը պարունակէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, հայ բանահիւսութեան վերաբերեալ վիճակագրական նիւթերուն մասին։ Լինչը գրած է Հայաստանի քաղաքականութեան, Հայերուն հալածանքին, հայ եկեղեցիին եւ հայոց լեզուին մասին։
Հենրի նաեւ հետաքրքրուած է Հայկական հարցով։ Լինչը ըլլալով Անգլիական խորհրդարանի անդամ (1906 թուականէն սկսեալ)՝ քննադատած է քաղաքականութիւնը, ու խորհրդարանին ծանօթացուցած եւ ներկայացուցած է Հայկական հարցը եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։
Անոր մահէն մի քանի օր առաջ, Հենրին Անգլիական մամուլին մէջ հրատարակած է իր «Բաց նամակ»-ը՝ հայկական բարենորոգումներուն վերաբերեալ։
Լինչ մահացաւ 24 Նոյեմբեր, 1913 թուականին, Քալէ քաղաքին մէջ, Ֆրանսա:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը