Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Հենրի Հաուըրտ Հոլմզ

Հրմըն Ուեպսթըր Մատճեթ (անգլերէն՝ Henry Webster Mudgett, 16 Մայիս 1861 – 7 Մայիս 1896), ճանչցուած իբրեւ Դկտ. Հենրի Հաուըրտ Հոլմզ (անգլերէն՝ Henry Howard Holmes) եւ մասնաւորապէս Հ. Հ. Հոլմզ (անգլերէն՝ H. H. Holmes), առաջին Ամերիկացի բազմա-մարդասպաններէն եղած է: Շիքակոյի մէջ, 1893-ի Համաշխարհային Քոլոմպիական Ցուցահանդէսին, Հոլմզը բացաւ պանդոկ մը որ ինքը ձեւաւորած էր յատկապէս մարդասպանութեան նպատակներով, որ նաեւ վայրն էր իր բազմաթիւ մարդասպանական գործողութիւններուն: Հակառակ որ ան խոստովանած է սպաննելու 27 անձ, որոնցմէ 9ը արդէն յստակ էին, իսկական իր սպանած մարդոց թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 200: Բազմա-մարդասպան ըլլալէ զատ, ան նաեւ էր անձ մը որ տարբեր խարդախ ձեւերով կ’ամուսնանար ուրիշներու հետ իր արդէն ամուսնացած վիճակին մէջ:

Հոլմզը ծնած է իբրեւ Հրմըն Ուեպսթըր Մատճեդ Կիլմանթըն, Նիւ Համշայրի մէջ 16 Մայիս, 1861-ին, Լեվի Նորթըն Մատճեդի եւ Թեօտէյթ Փէյճ Փրայսի, երկուքը ըլլալով առաջին Անգլիացիները որոնք հաստատուած էին շրջանին մէջ։ Հրմընը իր ծնողքին երրորդ զաւակն էր. ունէր մեծ քոյր մը՝ Էլլըն եւ մեծ եղբայր մը՝ Արթուր, նաեւ փոքր եղբայր մը՝ Հենրի: Հոլմզի հայրը ագարակապան մըն էր։ Իր ծնողքը ծայրայեղ մեթոտաբաններ էին: 2007-ին թողարկուած; Most Evilի Հոլմզի կենսագրութեան մէջ նշուած էր, թէ իր հայրը խիստ ու վտանգաւոր ալքոհոլական մըն էր: Հոլմզի նիշերը շատ փայլուն էին դպրոցին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր դասընկերներուն նախանձին, որոնք ալ զինք տարբեր տեսակի նեղութիւններու մատնեցին: Փորձով մը Հոլզմը վախցնելու, դասընկերները ստիպեցին զինք որ դպրոցի հիւանդապահին քով մտնէ, եւ հոն կախուած կմախքին ձեռքերը դրին Հոլմզի երեսին: Հոլմզը սարսափելու տեղ հաճոյք կը ստանայ իր եւ մահի հետ այդ կապով, ու այդ օրուընէ ետք, ան տարբեր ձեւերով սէր կ’արտայայտէր մահուան հետ կապ ունեցող նիւթերու հանդէպ եւ նաեւ իր ազատ ժամանակը կ’անցնէր անասուններու մարմինը պատրելով բանալ եւ դիտելով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին