Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրիտիոֆ Նանսեն

Ֆրիտիոֆ Նանսեն (Fridtjof Nansen, 10 Հոկտեմբեր 1861, Օսլօ – 13 Մայիս 1930), նորվեկիացի բեւեռախոյզ, գիտնական, դիւանագէտ եւ ականաւոր մարդասէր։ Ազգերու լիկայէն ներս իր աշխատանքին համար պարգեւատրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակով։ Պաշտպանած է հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները, հայ գաղթականներուն յատկացուցած է Նանսենեան անձնաթուղթեր։

Նանսենը եղած է կենդանաբանութեան փրոֆեսոր եւ աւելի ուշ աշխատած է Ռոյալ Ֆրետերիքի համալսարանէն ներս՝ Օսլոյի մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Նանսենը ընդգրկուեցաւ Ազգերու Լիկայի մէջ, որպէս բարձրագոյն Լիազօր՝ ռուս եւ գերմանացի գերիներու փոխանակութեան։ Այնուհետեւ, 1921-ին օգնութեան կը հասնի պոլշեւիկ Ռուսիոյ սովահար ժողովուրդին՝ մասնաւորաբար ապահովելով Մ. Նահանգներու օգնութիւնը եւ միաժամանակ կ՛օգնէ արտասահման փախած ռուս գաղթականներուն եւ կը ստեղծէ Նանսենի գաղթականներու անձնաթուղթ։ 1938 թուականին ստեղծուած է Նանսենի ակադեմիան Լիլլեհամըրի մէջ, Նորվեկիա։ Այն կը գործէ մինչեւ օրս։ Նանսենը մահացած է Մայիս 13, 1930 թուականին (68 տարեկան) Նորվեկիա։

Նանսեն 1890 թուականին ամուսնացած էր Եւա Սարսի՝ յայտնի կենդանաբան Միքայէլ Սարսի աղջկան հետ։ 1893 թուականին կը ծնի անոնց աղջիկը՝ Լիւը, որ առաջին անգամ տեսաւ հօրը 3 տարեկանին։ Նանսենի բացակայութեան ժամանակ Եւան կը զբաղի երաժշտութեամբ։ Եւայի եւ Լիւի պատուին Նանսեն կ՛անուանէ կղզի, Ֆրանց Իոսիֆի հողին վրայ։ Յետագային Նանսեն կ՛ունենայ եւս 4 զաւակ։ Եւա Նանսեն կը մահանայ 1907 թուականին, երբ Նանսեն դեսպան էր Լոնտոնի մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին