Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Նշան Գրիգորեան

Նշան Գրիգորեան (անգլերէն՝ Neshan Krekorian, 12 Մայիս 1886, Քղի, Պինկէօլ նահանգ — 21 Մայիս 1978, Սենթ Քաթրինզ, Օնթարիօ), խորտակուած «Թայթանիք» շոգենաւին ուղեւոր, 711 փրկուած մարդկութենէ մէկը։ Ընդհանուր առմամբ նաւին մէջ կար 6 հայ, որոնցմէ երկուքը՝ Նշան Գրիգորեանը եւ Դաւիթ Վարդանեանը կը փրկուին։

Նշան Գրիգորեանը ծնած է 1886 Մայիս 12-ին Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի մօտ գտնուող Քղի Գիւղին մէջ։ Թուրքերու կողմէն քրիստոնեաներու դէմ տեղի ունեցած ջարդերէն ետք Նշան Գրիգորեանը, իր համագիւղացիներ Արսեն Սիրքանեանի, Յարութիւն Տէր-Զաքարեանի, Մամփրի Տէր-Զաքարեանի եւ Դաւիթ Վարդանեանի ետք կը լքէ հայրենիքը եւ անոնք կը որոշեն մեկնիլ Գանատա։ Ան կը պատրաստուէր կանգ առնել Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթոն քաղաքին մէջ, ոմն Փօլ Մարտինի տանը (Mr Paul Martin, 108 Princess Street, Hamilton, Ontario)։

Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Գրիգորեանը Թայթանիքի տոմս չուներ, եւ նաւ նստելու համար Մարսէյլի մէջ կը կաշառէր զբօսաշրջութեան գրասենեակի գործակալին, բայց ամէն դէպքին մէջ վաճառուած տոմսերու ցանկին մէջ նշուած է, որ անոր տոմսի համարն էր՝ 2654 եւ այն արժէր £7։ Ամէն պարագային  ան Թայթանիք կը բարձրացնէ Շերպուրկի մէջ որպէս երրորդ կարգի ուղեւոր։ Գրիգորեանը յետագային կը դժգոհէր, որ երրորդ կարգի նաւասենեակին մէջ ան «ճտի նման փակման տակ կը գտնուէր» (E-57 սենեակը F-տախտակամածին մէջ)։

1912 ապրիլ 14-ի երեկոյեան, Գրիգորեանը խաղաթուղթ կը խաղար, եւ ժամը 11-ի շուրջ ան հանեց կօշիկները եւ պառկեցաւ իր մահճակալին վրայ։ Քիչ անց ան լսեց տագնապի ձայնը, քանի որ այդ պահուն իր լուսանցոյցը բաց էր։ Ան վեր կեցաւ, որ երթայ փակէ լուսանցոյցը, սակայն հատակին սառոյցի կտորներ գտաւ։ Խորտակումէն ետք Գրիգորեանը ըսաւ, «Չնայած ես այդ պահուն առաջին անգամ սառցաբեկոր տեսայ, ես շատ չէի անհանգստանար այդ պատճառով, քանի որ կտորները շատ փոքր էին»։

Նաւուն սառցաբեկորին հետ հարուածէն ետք Գրիգորեանը որոշեց բարձրանալ A-տախտակամած, քանի որ ձախ կողմին մէջ կը պատրաստուէին 10 փրկանաւակ իջեցնել։ Գրիգորեանը բարձրացաւ A-տախտակամած եւ նստեցաւ փրկանաւակին մէջ։ Յետագային նաւաստի Ֆրանք Էվանսը (Frank Evans) ըսաւ, որ Գրիգորեանը «իրեն փրկելու համար գիտակցաբար փրկանաւակ ցատկեց»։ Գրիգորեանը փրկուեցաւ, բայց թոքերու բորբոքում ստացաւ։ Անոր տեղափոխեցին Նիւ Եորքի հիւանդանոց, եւ երբ ան վերջնականապէս հասաւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Պրենտֆորտ քաղաքը, անոր մի քանի շաբաթով նորէն պահեցին հիւանդանոցին մէջ։ 1918ին Գրիգորեան կը տեղափոխուի նոյն Օնթարիօ նահանգի Սենթ Քաթրինս քաղաք, ուր կ’ամուսնանայ Փերսա Վարդանեանի (Persa Vartanian) հետ եւ արդէն 1924 յուլիս 12-ին կը ծնի անոնց չորրորդ զաւակը։ Ամբողջ կեանքը Նշան Գրիգորեանը կ’աշխատէր «Ճեներըլ Մոթըրս» ընկերութեան ինքնաշարժներու արտադրութեան գործարանին մէջ։

Թիթանիքը Գրիգորեանին համար դարձաւ առաջին եւ վերջին նաւը իր կեանքին մէջ։ Գրիգորեանի դուստրը կը պատմէր, որ երբ հայրը ինչ-որ տեղ կը գտնուէր եւ մօտակայքին կար որեւէ լայն ջրամբար, «անոր երեսը կը դաւաճանէր իր մտքերը, ան ջուրին կը նայէր, եւ անյապաղ դուք կ’իմանայիք, որ ան կենդանի մնացած է այդ գիշեր»։

Նշան Գրիգորեանը կը մահուան 1978 մայիս 21-ին Սենթ Քաթրինս քաղաքին մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին