Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Շուշի

28 տարիներ առաջ, այսօր՝ 9 մայիս 1992-ին հայկական զինուժի կողմէն ազատագրուած է Շուշին նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տիրապետութենէն։

Շուշի, քաղաք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ], համանուն շրջանի վարչական կեդրոն։ Մինչեւ 1923, հանդիսացած է Պարսկաստանի եւ Ցարական Ռուսաստանի կազմի մէջ գտնուող կիսանկախ Արցախի քաղաքական-մշակութային կեդրոնը՝ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը ունենալով կարեւոր դերակատարութիւն ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ ամբողջ Հարաւային Կովկասի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ 1920 թ.-ին թուրքերու կողմէն աւերուած է եւ հայաթափուած։ 

Շուշի Տեղանուան Ստուգաբանութիւն 

Որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով Շուշի անուն կը ծագի անոնց արեւելքը գտնուող Շոշ գիւղէն։ Ոմանց կարծիքով Շուշի անուանումը առաջացած է «շոշ» բառէն։ Արցախեան բարբառով երիտասարդ ծառերը նաեւ կը կոչուին շոշ, իսկ անոնց պուրակը՝ շոշոտ։ Ըստ Ազրպէյճանական ուսումնասիրողներուն քաղաքի անունը կը թարգմանուի որպէս «ապակի» – (ազրպ şüşə): 

Շուշի տեղանուանումը ըստ երեւոյթին տեղանքը բնութագրող անուանում է։ Քանի որ քաղաքը կը գտնուի ժայռի (լերան) գագաթին (ան փոքրիկ սարաւանդի կը նմանի), որն ալ կ՛րնայ ըլլալ ինկած ըլլայ քաղաքանունին հիմքին մէջ։ Նկատենք, որ արցախի բարբառէն հիւսիսկովկասեան լեզուներուն անցած որոշ չափով այդ անունը յիշեցնող բառեր կան։ Այսպէս օրինակ, ագուլերէն «սու»-լեռ եւ չեչեներէն «շու»-բլուր, արմատ մը, որ երբ կրկնենք (ինչպէս կը հանդիպի հատկապէս հին հայերէնին եւ խեթերենին), ապա կ՛ունենանք «շուշու», այսինքն ճիշտ այն, ինչն անհրաժեշտ է «Շուշի» քաղաքանունին ստուգաբանութեան համար։ Նկատենք, որ միջնադարին Շուշի տեղանունը կը յիշատակուի Շուշիի ձեւով. 1428 թ. ընդօրինակուած աւետարանի նոյն տարին գրուած յիշատակարանին մէջ «…ի յաշխարհիս Աղուանից, ի վիճակս Ամարասայ, ի գեղա Շուշու կոչեցեալ…»:

Պատմութիւն

Շուշին տարբեր ժամանակներուն յիշատակուած է «Քարի գլուխ, (Քարագլուխ տարբերակը կը վերաբերի Շիկաքար-Արաւուս բնակավայրին (Ասկերանի շրջանին մէջ)) Քարագլխի բերդ, Քար, Քարագլխի սղնախ, յաճախ նաեւ Շոշի բերդ, Շոշի» Ղալա, Շոշի ղալա անուններով։

Շուշիի հին բնակավայր ըլլալու մասին կը վկայէ 1428 թուականին Տէր-Մանուէլի ստեղծած Աւետարանը, ուր նշուած է, որ «արդ գրեցաւ աստուածագիծ սուրբ Աւետարանս ձեռամբ ոգնամեղ եւ ապիկար գրչի տէր Մանուէլի,ի թուականութեանս Հայոց ՊՀԷ (1428), ի յաշխարհիս աղուանից, ի վիճակս Ամարասայ, ի գեղս Շուշու կոչեցեալ, ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս, ի կաթողիկոսութեան տէր Յոհանիսի… »։ Յաջորդ վկայութիւնը նոյն եկեղեցւոյ գրչատանը կատարուած է 1575 թ., ուր կ՛ըսուի «կատարեցի …զմաքրափայլ Աւետարանս ի փառս նմանէ գաւառս Վարնթոյ, ի գեղս որ կոչի Շուշոյ… Ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածին։ Գրեցաւ ի թուականութեանս ՌԻԴ» ։ Որոշ ուսումնասիրողներու փորձերուն մէջ նոյնանման «Շուշի» եւ «Կարկառ» տեղանունները՝  հիմք ընդունելով անոր նախնական «Քար» անուանումը։ Ի հարկէ գայթակղիչ է Կ. Գանձակեցիի կողմէն յիշատակուող Կարկառի նոյնացնելը Շուշիի հետ, առաւել եւս, որ Կարկառ գետի հովիտին մէջ անոնք ուրիշ նշանաւոր բերդ չեն կ՛րնար տեսնել։ Սակայն պատմիչին մօտ յիշատակուող Կարկառը կը յիշուի որպէս «հայրենիք», որ անհնարին սահմանափակած է միայն Շուշի բնակավայրով կամ թէկուզ եւ սարաւանդով։ Զուր չէ, որ Բ. Ուլուբաբեանը կ՛առաջարկէր Կարկառը որոնել Կարկառ գետի ստորին սահանքներուն մէջ։ Դաշտային դիտարկումներու համաձայն հանգած ենք այն կարծիքին, որ Կարկառը պէտք է Աղդամի շրջանի ՈՒչ օղլան բնակավայրերու շրջանին մէջ ըլլայ… 17-րդ դարու մէկ վաւերագրի համաձայն «…շահ Աբբաս տիրեց իմ Ղարաբաղին…Գանձակցի պարոն տէր Յովհանը շատ գերիներ ազատեց, շատ գիրքեր, շարակնոցներ ետ դարձուց։ Նման շարակնոց մը ես տուի շուշեցի տէր Աւանեսին 1607 թուականին »։ Փաստօրէն բնակավայրը կը յիշատակուի որպէս Շուշի…

 

Հնագիտութիւն

Շուշիի հիմնադրման, ամրոցաշինութեան, այդ հին բնակավայրի կառուցապատման եւ անոր յուշարձաններու էթնիկ պատկանելիութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողները, մինչեւ Շուշիի ազատագրումը, ստիպուած էին առաւելապէս բաւարարուիլ 18-19-րդ դդ. հեղինակներու կեղծած գրաւոր աղբիւրներով։ Այսպէս՝ 1892-1897 թթ. ռէալական ուսումնարանի ուսուցիչ Է. Ռեսլերը, իսկ 1973 թ. Խորհրդային Ազրպէյճանի հնագէտ Հ. Ջաֆարովը պեղած են Շուշիի դամբարանաբլուրները, որոնք հիմնականին կրած են գանձախուզական բնոյթ։ Միայն Ազրպէյճանի գաղութային լուծէն ազատագրուելէ ետք, Շուշիի հնագիտական, վիմագրական, տեղագրական բնոյթի բազմաթիւ աղբիւրներ մատչելի դարձած են լուրջ եւ առարկայական ուսունասիրութիւններու համար։ 2004 թ. մայիսին, «Շուշի հնագիտական արշաւախումբը» պատմական գիտութիւններու մասնագէտ Հ. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, անդամութեամբ հնագէտներ Նորա Ենգիբարեանի ու Վարդգէս Սաֆարեանի, ճարտարապետ Մանուշակ Տիտանեանի եւ պատմաբան-շուշիագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի, դաշտային հնագիտական դիտումներու միջոցով, կազմուած է Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հնագիտական յուշարձաններու ցուցակն ու անոնց տեղաբաշխման քարտէսը, որոնք մօտ 200 յուշարձաններու անուանում կը ներառեն, որոնցմէ են.

  • Պալեոլիթեան կայան (մ.թ.ա. 2 մլն-10 հազար տարի)
  • Մէկ կիկլոպեան ամրոց (մ.թ.ա.1-ին հազարամեակ)
  • Հին դամբարանադաշտեր (մ.թ.ա.1-ին հազարամեակ)
  • Երկու հին եւ վաղ քրիստոնէական
  • դամբարանադաշտեր (մ.թ.ա. 3-րդ դ. մինչեւ մ.թ. 4-րդ դար)
  • Վեց միջնադարեան գիւղատեղիներ (5-րդ դ. մինչեւ 13-րդ դար)
  • Մօտ 40 խաչքար

 

Շուշին Ուշ Միջնադարուն

Անհեթեթ կը հնչէ Յակոբ սարկաւագ Պօղոսեանի այն վարկածը, ըստ որուն Շուշին Շոշ գիւղի արօտավայր կամ ագարակը եղած է։ Հեռաւոր Երուսաղէմի մէջ ծուարած սարկաւագի համար «հեղինակաւոր» աղբիւր հանդիսացած է Միրզա Ճեմալ Ջիւանշիրի աշխատութիւնը, որուն պատուիրատուն եւ հովանաւորը եղած է Մեհթի Ղուլի խանը՝ Ղարաբաղի եկուոր խաներու տիրապետութիւնը հիմնաւորելու նպատակով: Միջնադարեան վաւերագիրի մը համաձայն «Աւան ուզբաշին, որ եկաւ Շօշուայ քարն մտաւ սահբ խուրուշ իլաւ ՌՃԿԶ (1717 թ.)»։ Վաւերագիրը յստակ կը տեղեկացնէ, որ 1717 թ. Շուշիի/Քար ամրոցին մէջ ամրանալու շնորհիւ Աւան հարիւրապետը հռչակի տէր դարձաւ։ Կարծիք կայ, որ «Շուշիի բերդապարսպի եւ միւս կառոյցներու հիմքերը դրուած են Աւան հարիւրապետի կողմէն՝ 1724 թ., եթէ ոչ աւելի վաղ»։ 1721-1722 թթ. լազգիական 50-60 հազարանոց բանակը արշաւեց Պարտաւի, Գանձակի եւ Դիզակի վրայ։ Կողոպտիչներու դէմ Արցախի հայութիւնը հանեց 4 բանակ, որոնցմէ երկրորդը՝ Աւան հարիւրապետի գլխաւորութեամբ, տեղակայուած էր այժմեան Շուշի քաղաքի շրջակայքին մէջ։ Գանձակէն ոչ հեռու, Չոլակ վայրին մէջ հայոց բանակները կը միանան վրացական բանակի հետ՝ լեզգիներու դէմ արշաւելու համար։ Սակայն Վախթանգ թագաւորի անվճռականութեան պատճառով արշաւանքը չի կայանար եւ հայ զինուորութիւնը կը վերադառնայ Արցախի ամրացուած Սղնախները։ 5 յունուար 1724 թ. գրուած զեկուցագիր մը կը վկայէ, որ «…մենք, Շոշ սղնախի գլխաւորներս, ես՝ Աւան իւզբաշիս եւ ես՝ Միրզա իւզբաշիս եւ սղնախի բոլոր մեծերն ու փոքրերը…» ։ Շուշիի սարաւանդին մէջ կ՛ամարացուի Մեծ (Շուշի) եւ Փոքր (Սանգեառ) սղնախները եւ բանակցութիւններ վարելով շահ Թահմազի եւ օսմանեան Իպրահիմ փաշայի հետ՝ կը փորձէր կանխել անոնց յարձակումը Վարանդա գաւառի վրայ։ 1 մարտ 1725-ին օսմանեան 4500 հոգիէ բաղկացած զօրամաս մը մտաւ Վարանդա եւ կայազօրեր դրուեցաւ բոլոր բնակավայրերուն մէջ։ Հայ զինուորութիւնը Աւան եւ Թարխան հարիւրապետներու գլխաւորութեամբ գիշերային անակնկալ յարձակումով, կոտորուեցաւ զաւթիչներուն։ Ցարական Ռուսաստանը չկամենալով հայոց պետականութեան վերականգնումը, հայերուն առաջարկեց դադարեցնել պայքարը օսմանցի յարձակողներուն դէմ, լքել հայրենի հողերը եւ տեղափոխուիլ Դերբենդ, Պաքու եւ Գիլան։ Նոյեմբեր 1726-ին «Շօշի՝ Աւան ուզպաշին եւ Ոյհան ուզպաշին ղալէն» վրայ կը յարձակի օսմանցի թուրքերու 40 հազարանոց բանակը՝ Սարը Մուստաֆա փաշայի հրամանատարութեամբ եւ ութ օրեայ դաժան մարտերուն մէջ զգալի կորուստներու գնով գրաւած է Փոքր Սղնախը։ Սակայն Մեծ Սղնախի տակ թրքական բանակը ծանր պարտութիւն կրած են եւ տալով շուրջ 800 սպաննուած՝ նահանջած Գանձակ։ 1733 թ. Դիզակի մելիք Եգանը, դաշինք կնքելով Նադիր Ղուլիի հետ, կազմակերպեց օսմանեան Սարը Մուստաֆա փաշայի զօրքերու կոտորածը Արցախի մէջ։ 1736 թ. Մուղանի դաշտին վրայ շահ հռչակուելէ ետք, Նադիրը, որպէս երախտագիտութեան նշան, Արցախի հինգ մելիքութիւնները միաւորեց մէկ նահանգի ՝ «Մահալ-Ե Խամսե»-ի մէջ եւ խանի տիտղոս շնորհեց Մելիք Եգանին[26][27][28]։ Ըստ երեւոյթին ստեղծուեցաւ Ղարաբաղի խանութիւնը՝ Տող կեդրոնով։ Փաստօրէն մելիք Եգանի Ղարաբաղի առաջին խան (1736-1744 թթ.) ըլլալու հանգամանքը դուրս մնացած է հայ պատմագրութեան ուշադրութենէն։ Յայտնի է, որ Մելիք Եգանը գրագրութիւններու ժամանակ իրեն կը կոչեն նաեւ Հայոց թագաւոր։

Շուշի տեսարժան վայրերը

Շուշին բաց թանգարան է երկնքի տակ։ Զբօսաշրջիկներու յաճախակի այցելութեան վայրերն են ռէալական ուսումնարանը, Ժամհարեաններու առանձնատունն ու հիւանդանոցի շէնքը, Մարիամ Ղուկասեան օրիորդաց դպրոցի շէնքը (այժմ՝ ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան շէնքը), Մեղրեցոց եկեղեցւոյ խորանը, Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը, Սուրբ Յովհ. Մկրտիչ (Կանաչ Ժամ) եկեղեցին, քաղաքը հիւսիսէն եզերող ամրոցի պատերն ու Ելիզաւետպոլեան մուտքը, գերեզմանոցները, Ձիարշաւարանը, սարաւանդը եզերող ժայռապարը, Հունոտի կիրճը, Մամռոտ քարը, քարանձաւները, Իսահակի աղբիւրը (Պեխէ աղբիւր) եւ այլն։

Շուշիի հիւրանոցները

Շուշիի մէջ այսօր կը գործեն «Աուան Պլազա», «Նոյան Տապան», «Շուշի» եւ «Գրանտ հոթել» բարձրակարգ հիւրանոցները։ Քաղաքին մէջ կը գործեն նաեւ անհատական, առանձնատնային կարգի հիւրանոցներ, որոնք նախկին իջեւանատուներու աւանդութիւններու վերականգնման փորձեր են։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին