Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Ազգային կարեւոր տօն՝ Լիբանանի մէջ

Լիբանանի մէջ մայիս 6-ը կը նկատուէր ազգային կարեւոր տօներէն մէկը՝ ոգեկոչելու համար իրենց հայրենիքի ազատութիւնը կերտած նահատակներուն յիշատակը։

Այս դէպքը պատահեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկզբնաւորութեան, երբ համայն արաբ ժողովուրդը անիրաւութեան եւ ջարդերու ենթարկուեցաւ օսմանցի թուրքերուն կողմէ։ Ընդդէմ թրքացման այդ քաղաքականութեան ծայր առաւ արաբ ազգայնական շարժումը եւ շուտով ի յայտ եկան բարեկարգչական շարժումներ, որոնք արաբական գաղտնի միութեանց ճամբով ազատութիւն ու արդարութիւն կ՚աւետէին եւ ազգային ոգի կը սփռէին։

Նոյն օրերուն, Ճեմալ փաշա Սուրիոյ չորրորդ զօրամասի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ իր իշխանութիւնը տարածեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ։ Այնուհետեւ սովն ու բրտութիւնը համատարած դարձան արաբական շրջաններուն մէջ ։

Գերագոյն դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ Ճեմալ փաշա կախաղան հանել տուաւ ազգային ղեկավարներու հոյլ մը՝ Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ, 6 մայիս 1916-ին։ Կախաղան բարձրացուած այդ ղեկավարներէն կարելի է յիշել՝ Շաֆիք Պեք Մուայատ Ատըմ, շէյխ Ապտըլ Համիտ Զահրաուի, էմիր Օմար Ժազայիրի, Շուքրի Պեք Ասլի եւ ուրիշներ։ Նմանապէս եւ նոյն ամբաստանութեամբ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ կախաղան հանուեցան լիբանանցի ազգայնականներ, ինչպէս՝ Ժըրժի Հատտատ, Սայիտ Ֆատել Աքլ, Պետրօ Պաուլի, Օմար Համատ, Ապտըլ Ղանի Արեյսի, շեյխ Ահմետ Թապպարա, Թուֆիք Պսաթ եւ ուրիշներ։ Անոնք կախաղաններուն վրայ մահը դիմաւորեցին ճակատաբաց բացագանչելով.
«Անկախութիւնը գանկերու վրայ կը կերտուի եւ մեր գանկերը թող մեր հայրենիքի անկախութեան հիմնաքարերը ըլլան… Կը մեռնինք, որպէսզի մեր երկիրը վերականգնի ազատ ու հպարտօրէն»։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք այդ օրը նշուեցաւ, որպէս Մամուլի նահատակներու օր, նկատի ունենալով, որ այդ օր կախաղան բարձրացողներուն մեծ մասը մամուլի գործիչներ էին, որոնք իրենց գրիչովը պայքարեցան թրքական եաթաղանին դէմ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին