spot_img

121 Հաստատուած Նոր Դէպք․ «Քորոնա» Ժահրով Հիւանդներու Թիւը Հասաւ 2507-ի

Հայաստանի մէջ, 4 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2507 դէպք, որոնցմէ 1071-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1393 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 942 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 121 նոր դէպք եւ 36 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 39 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդները եղած են 71 (կին), 83 (տղամարդ), 66 (տղամարդ) եւ 79 (տղամարդ) տարեկան:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին