spot_img

Արցախի Մէջ Ականի Պայթումով Զինուոր Մահացած Է

Մայիս 4-ին, ժամը 19:05-ի սահմաններուն ականի  պայթումին հետեւանքով  մահացու վիրաւորանք ստացած է Պաշտպանութեան Բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պայմանագրային զինծառայող՝ 1988-ի ծնունդ՝ Տարօն Ռուբիկի Պօղոսեան:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսուի կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին