Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Համացանցի Վրայ. Արժէքաւոր Բառը…

Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու տրամադրած օժանդակութիւններու ցրւումի օրերուն, առաւօտուն ներկայացաւ տիկին մը, որ շատ դժուարին պայմաններու մէջ կ’ապրէր։ Փոխանցեցինք, որ պէտք է ներկայանայ Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունք, որպէսզի դիմումնագիրին պատասխանը ստանայ։ Ենթական երկու ժամ ետք վերադարձաւ, եւ խնդրեց անգամ մը եւս հետս հանդիպիլ։

Քարտուղարութեան նշեցի, որ եթէ անպայման կ’ուզէ տեսնուիլ, ապա պէտք է սպասէ, նկատի առնելով որ ժամադրութիւններու շարքը երկար էր…

Հանդիպումներս աւարտելէ ետք, տիկինը բարձրացաւ։
Կը մտածէի, թէ օժանդակութիւնը ստանալէն ետք, նշեալ տիկինը տակաւին ի՞նչ պիտի ուզէ։

Ան գրասենեակ մտաւ եւ միայն մէկ բառ ըսաւ.

֊ Շնորհակալութիւն։

Այո», շուրջ մէկ ժամ սպասեց, որպէսզի այս արժէքաւոր բառը ըսէ։ Բառ մը, որ ուղղուած է մեր կառոյցներուն եւ բարերարներուն, որոնք այս տագնապալի օրերուն կը փորձեն մեղմացնել մեր ընտանիքներուն դժուարութիւնները։
Բառ մը, որ մեզի յոյս եւ կորով կու տայ՝ յաւելեալ թափով շարունակելու մեր աշխատանքները։

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին