Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ապրիլ 24

Ապրիլ 24 կամ հին տոմարով՝ Ապրիլ 11, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, առաջին անգամ նշուած Ապրիլ 11(24) 1919-ին, Պոլսոյ մէջ, Հայ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ որպէս այդպիսին պաշտօնապէս հաստատուած 1921-ին։

Լուսանկարը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու առաջին յուշարձանին, հաստատուած 1919-ին, Պոլսոյ մէջ (Թաքսիմ հրապարակ), կազմաքանդուած՝ 1922-ին։

1919 թուականին՝ այն տարին երբ առաջին անգամ նշուեցաւ Ապրիլ 24-ը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, տակաւին կը գործէր հին տոմարը։ Երբ գործածութեան մէջ դրուեցաւ նոր տոմարը, 13 օրերու յաւելումէն ետք Ապրիլ 11-ը վերահաշուարկուեցաւ եւ Ապրիլ 24-ը դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու ոգեկոչման օր։

1919 թուականի Մարտ ամսուն Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած արեւմտահայ խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ մէջ ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն գլխաւոր նպատակն էր ձեռնարկներ կազմակերպել Մեծ Եղեռնի զոհերու չորրորդ տարելիցին առիթով։

Յանձնախումբը, որ յայտնի էր «Ապրիլ Տասնմէկի Սգահանդէսի Մասնախումբ» անունով, ունէր 13 անդամներ՝ Եւփիմէ Աւետիսեանը, Զարուհի Գալեմքարեանը, Մարի Ստամպուլեանը, Պերճուհի Պարսամեանը, Օր. Արփիարը, Տիգրան Զաւէնը, Մերուժան Պարսամեանը, Յակոբ Սիրունին, Գէորգ Մեսրոպը, Թագուոր Սուքիասեանը, տոքթ. Բարսեղ Տինանեանը, Շահան Պէրպէրեանը եւ Յովհաննէս Պօղոսեանը։

Այս մտաւորականներուն ջանքերուն շնորհիւ պոլսահայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ մեծ հանդիսաւորութեամբ ոգեկոչուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը։

Արեւմտահայ գրող-հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Յակոբ Սիրունին այս մասին իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «մեր սարքած սգատօնը այլեւս աւանդական դարձաւ։ Այն օրէն որդեգրուեցաւ Ապրիլ 24-ը իբրեւ համազգային սուգի խորհրդանշան»:

Յանձնախումբին որոշումով ոգեկոչման ձեռնարկները պէտք է իրականացուէին ապրիլ 11/24-ին, սակայն, հաւանաբար Հայոց պատրիարքին վատառողջութեան պատճառով, անիկա 1 օրով յետաձգուեցաւ։

1919 թուականի Ապրիլ 12/25-ին Պոլսոյ Բերա թաղամասի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգստեան պատարագ, զոր վարեց Մեսրոպ եպիսկոպոս Նարոյեանը։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը հանդէս եկաւ քարոզով, եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «բոլոր այն նահատակները ցորենի հատիկներ են, հողին մէջ ծածկուած, եւ պիտի ծլին, բազում արդիւնք յառաջ պիտի բերեն…»:

Նախապէս յայտարարուած սգոյ օրուան առիթով Պոլսոյ բոլոր ազգային վարժարանները եւ հայերուն պատկանող խանութները փակեցին իրենց դռները։ Բազմաթիւ հայերէն բացի սգոյ այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ յունական Այա-թրիատա եկեղեցուոյ թաղական խորհրդի ներկայացուցիչները, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Թախթաճեանը եւ ուրիշներ։

Արեւմտահայ լրագրող Յակոբ Տէր-Յակոբեանը, «Վերջին Լուր» օրաթերթին մէջ անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին, մասնաւորապէս կը նշէ. «այսօր, երբ մեր սիրտերը կը ճմլուին անդարձօրէն կորած այնքան թանկագին էակներու վիշտին տակ, այսօր, երբ սուգի համեստ ցոյցով մը մեր արցունքը անգամ մըն ալ թափեցինք այնքան սիրական յիշատակներու ետեւէն… անոնց բաժանման չորս ահաւոր տարիներու անջրպետը յանկարծ կը կրճատուի, եւ մենք… կ’ողջունենք, կ’ողջագուրենք, կը համբուրենք զիրենք այն անբացատրելի գրկախառնումով եւ սրտազեղումով որ եղած ըլլայ երբեք»։

Կէսօրին եկեղեցիին մէջ հաւաքուած ժողովուրդը կը տեղափոխուի քաղաքի Չեշմէ թաղամասի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ուր պատարագէն յետոյ տեղի կ’ունենայ «սգահանդէս»` բանախօսներու ելոյթներով, ասմունքով, հոգեւոր երաժշտութեամբ։

«Սգահանդէսի Մասնախումբ»ին անունով բացման խօսքով հանդէս կու գայ Շահան Պէրպէրեանը, ապա ելոյթներ կ’ունենան Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Վահան Զեյթունցեանը եւ փրոֆ. Յակոբեանը, Բժշկական միութեան կողմէ` տոքթ. Խանճեանը, Ուսուցչական միութեան կողմէ` Գէորգ Մեսրոպը եւ ուրիշներ։

Բանախօսութիւնները կ’ընդմիջուին նահատակուած բանաստեղծներու հեղինակած քերթուածներու ասմունքով եւ սգոյ մեղեդիներով։ Սգոյ օրուան առիթով Թէոդիկի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի նաեւ «Յուշարձան Ապրիլ 11-ի» խորագրով աշխատութիւնը , «իբրեւեւ սգապսակ Պոլսի ու գաւառի մտաւորական նահատակներուն»: Այդ գիրքին մէջ դրուած էին նահատակներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները եւ անտիպ նիւթեր։

1919 թուականի Մարտ 24-ին` դարձեալ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ, Հայոց պատրիարքի առաջնորդութեամբ մատուցուած է հոգեհանգստեան պատարագ` ի յիշատակ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն նահատակուած ամերիկեան միսիոնարներուն։ Արարողութեան ներկայ գտնուած են Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Հէյկը եւ Ֆաուլը, Թայմզ թերթի թղթակիցը, ամերիկացի հարիւրապետ Պենեթը եւ ուրիշներ։

Մարտ 25-ին, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Վատիկանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, Հռոմի Պապին հաւանութեամբ։ Իտալահայ գաղութի անդամներուն կողքին , որպէս Պապի ներկայացուցիչներ արարողութեան մասնակցած են շարք մը կարտինալներ ու եպիսկոպոսներ, Իտալիոյ կրթութեան նախարար Լուծաթթին, խորհրդարանի նախագահ Լոմպարտոն, արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդը, Իտալիայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք։

Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս սգոյ եւ յիշատակի օր ամրագրելու որոշումը տրուած է յիշատակումները սկսելէն 2 տարի անց` 1921-ին։

Այդ տարի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին կը հաղորդէ ապրիլ 11(24)ը համազգային սգոյ օր սահմանելու մասին` «ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց մերոց յընթացս համաշխարհային պատերազմի»։ Կաթողիկոսը կը յայտնէ, որ այդ օրը այսուհետ արձանագրուած է Էջմիածնի օրացոյցին մէջ որպէս սգոյ օր, ուստի պէտք է արձանագրուի նաեւ Պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ։

Նոյն տարուայ Ապրիլ 23-ին պատրիարքական յատուկ շրջաբերականով պոլսահայ բոլոր խմբագրատուներուն կը հաղորդուի հետեւեալը. «այլեւս տարբեր անուններով օրեր սահմանելու տեղ` մէկ օր միայն պիտի սահմանուի իբրեւ սուգի օր, պատերազմի ու տարագրութեան շրջանի նահատակներուն համար, եւ Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ, յիշատակումը Հայոց կողմէ միեւնոյն օրը պիտի կատարուի»։

Նոյն թուականի ապրիլ 24-ին, որ կը զուգադիպէր Ծաղկազարդին, Պատրիարքարանի կարգադրութեամբ Պոլսոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի` «հայոց տարագրման եւ նահատակութեան առթիւ»։

Պատարագէն յետոյ՝ նոյն օրը, քաղաքի Բերա եւ Սամաթիա թաղամասերու թատերական դահլիճներուն մէջ տեղի կ’ունենան յատուկ սգահանդէսներ, ուր իրենց զեկուցումներով եւ ելոյթներով հանդէս կու գան Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած շարք մը մտաւորականներ ու հոգեւորականներ, ինչպէս Եղիշէ Արք. Դուրեան, Հրաչ Երուանդ, Միքայէլեան, Յովսէփ Տէր Մարգարեան եւ ուրիշներ։ Անոնք հաւաքուած բազմութեան կոչ կ’ընեն մշտապէս վառ պահել Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը եւ երբեք չյուսալքուիլ։

Այդ տարուընէ սկսեալ է Հայկական ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կը նշուի Ապրիլ 24-ին՝ օր մը, որ դարձած է յուշարար մարդու կողմէ մարդուն դէմ գործուած անմարդկային վայրագութեան։

Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ի աշխարհի զանազան երկիրներու քաղաքներուն մէջ տեղի կ’ունենան սգոյ հանդիսութիւններ, պատարագներ, ժողովրդային հաւաքներ, ցոյցեր, պաշտօնական ժողովներ, համագումարներ եւ զանազան այլ ձեռնարկներ՝ ի յիշատակ Հայկական ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն։ Այդ օր փակ կը մնան հայերու անձնական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ դպրոցները։

Ապրիլ 24-ը նաեւ զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ եւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Այդ օր Հայաստանի մէջ մարդիկ կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ կը դնեն համալիրի անմար կրակին առջեւ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին