Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յարութիւն Տելալեան

Յարութիւն Տելալեան (8 Օգոստոս 1937, Աթէնք — 23 Ապրիլ 1990, Երեւան), հայ անուանի երաժշտահան։ Ան երբ իր անդրանիկ ելոյթը կ’ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու մէջ, կ’արժանանայ Քալիֆորնիոյ շարժանկարի եւ հեռուստատեսութեան խորհուրդին «Սուփըր Սթար» եւ «Կոլտն Ըուըրտ» մրցանակներուն։

Տելալեան ծնած է Աթէնք։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի հայկական Կաթողիկէ եկեղեցիի դպրոցի տարրական դասարաններէն ներս։ 10 տարեկանին ծնողքին հետ ներգաղթած է Հայաստան։ 1968-1972 թուականներուն ուսանած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան Երաժշտական ուսումնարանի տեսական եւ ստեղծագործական բաժիններէն ներս։ 1972-ին ընդունուած է Երեւանի Պետական Երաժշտանոցը, 1977-ին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոց, իսկ 1979-ին դարձած է Հայաստանի երաժիշտներու միութեան անդամ:

Յուրութիւնի Տելալեանի ստեղծագործութիւնները հնչած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի, Իտալիոյ, Անգլիոյ, Փորթուկալի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ:

Տելալեան 25 աշխատանքներու հեղինակ է, որոնց մէկ բաժինը անաւարտ մնացած է: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին