Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Աշոտ Մատաթեան

Աշոտ Մատաթեան (8 Սեպտեմբեր 1884, Թեհրան — 22 Ապրիլ 1965, Իսթանպուլ), հայ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ։

Մատաթեան ծնած է Թեհրան, փոքր տարիքին Պոլիս կը փոխադրուի, ուր կը յաճախէ Սկիւտարի ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարանները:

Աշոտ Մատաթեան առաջին անգամ 1903-ին բեմ կը բարձրանայ, դերուսցոյց Ռէշատ Ռըտվանի Չափրաստճեանի կազմած թատերախումբին մէջ։ Շրջան մըն ալ կը մասնակցի Մնակեան թատերախումբին: Ենովք Շահէին հետ, Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, կը հիմնէ «Ազատ բեմ» թատերախումբը՝ Շահին Յովհաննիսեան, Շանտանճեան, Արմէն Աժտէրեան, Եդուարդ Չափրաստ, օր. Էլիզ Պիննէմէճեանեւ ուրիշներ:

Կարճ շրջան մը յուշարարութիւն կ՛ընէ Զարիֆեանի խումբին մէջ։ Ապա կը մասնակցի պատահական ներկայացումներու:

Սեւ ծովու փոքրասիական եզերքները թատերական պտոյտ մը կը կազմակերպէ՝ Շահին Յովհաննիսեանին հետ:

Կը մասնակցի հայ տրամաթիք թատերախումբի թատերապտոյտներուն, դէպի Իզմիթ եւ Իզմիր:

Պատերազմի ընթացքին, իբրեւ յեղափոխական, կը տարագրուի Հալէպ: Իսկ զինադադարին՝ տարագիր երիտասարդներով, կը կազմէ «Մելպոմէն» թատերախումբը ու կը շրջի Կիլիկիան:

1919-ին Պոլիս կը վերադառնայ ու կը նշանակուի դերուսցոյց հայ տրամաթիք ընկերութեան թատերախումբին, զոր կը վարէ մինչեւ մահ:

Կը մնայ Պոլիս եւ երկար տարիներ կը տառապի հայ թատրոնի կարօտով՝ հայերէն լեզուով ներկայացումները արգիլուած ըլլալուն պատճառով: Արտօնութիւն ձեռք բերուելէն ետք կը կազմէ «Սթիւտիօ» թատերախումբը.ապա Պոլիսէն կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը սարքէ պարբերական ներկայացումներ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին