Աշոտ Մատաթեան (8 Սեպտեմբեր 1884, Թեհրան — 22 Ապրիլ 1965, Իսթանպուլ), հայ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ։
Մատաթեան ծնած է Թեհրան, փոքր տարիքին Պոլիս կը փոխադրուի, ուր կը յաճախէ Սկիւտարի ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարանները:
Աշոտ Մատաթեան առաջին անգամ 1903-ին բեմ կը բարձրանայ, դերուսցոյց Ռէշատ Ռըտվանի Չափրաստճեանի կազմած թատերախումբին մէջ։ Շրջան մըն ալ կը մասնակցի Մնակեան թատերախումբին: Ենովք Շահէին հետ, Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, կը հիմնէ «Ազատ բեմ» թատերախումբը՝ Շահին Յովհաննիսեան, Շանտանճեան, Արմէն Աժտէրեան, Եդուարդ Չափրաստ, օր. Էլիզ Պիննէմէճեանեւ ուրիշներ:
Կարճ շրջան մը յուշարարութիւն կ՛ընէ Զարիֆեանի խումբին մէջ։ Ապա կը մասնակցի պատահական ներկայացումներու:
Սեւ ծովու փոքրասիական եզերքները թատերական պտոյտ մը կը կազմակերպէ՝ Շահին Յովհաննիսեանին հետ:
Կը մասնակցի հայ տրամաթիք թատերախումբի թատերապտոյտներուն, դէպի Իզմիթ եւ Իզմիր:
Պատերազմի ընթացքին, իբրեւ յեղափոխական, կը տարագրուի Հալէպ: Իսկ զինադադարին՝ տարագիր երիտասարդներով, կը կազմէ «Մելպոմէն» թատերախումբը ու կը շրջի Կիլիկիան:
1919-ին Պոլիս կը վերադառնայ ու կը նշանակուի դերուսցոյց հայ տրամաթիք ընկերութեան թատերախումբին, զոր կը վարէ մինչեւ մահ:
Կը մնայ Պոլիս եւ երկար տարիներ կը տառապի հայ թատրոնի կարօտով՝ հայերէն լեզուով ներկայացումները արգիլուած ըլլալուն պատճառով: Արտօնութիւն ձեռք բերուելէն ետք կը կազմէ «Սթիւտիօ» թատերախումբը.ապա Պոլիսէն կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը սարքէ պարբերական ներկայացումներ: