Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

«Ցաւի Գոյնը». Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Նկարաշար

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն ընդառաջ՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը սկսած է «Ցաւի գոյնը» խորագիրը կրող առցանց նախագիծ, որուն ծիրէն ներս հրապարակած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածուին պատկանող հայ նկարիչներու շարք մը աշխատանքներ` նուիրուած մարդկութեան դէմ իրականացուած մեծագոյն աղէտներէն մէկուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի Facebook-ի էջը։ Այս ստեղծագործութիւններուն մէկ մասը զետեղուած է արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի «Ցաւի գոյնը» պատկերագիրքին մէջ։ Արուեստը իբրեւ արտայայտչամիջոց ընտրելով եւ ոգեկոչելով անմեղ զոհերու յիշատակը՝ կ՝առաջարկուի նկարաշարէն ընտրել ցանկացած ստեղծագործութիւն եւ համապատասխան նիւթով եւ hashtag-ով տեղադրել անձնական էջին վրայ:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին