Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Կարէն Տէմիրճեան

Կարէն ՏէՏէմիրճեան ծնած է Երեւան, 17 Ապրիլ 1932-ին, ծառայողի ընտանիքի մէջ։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է 26 կոմիսարներու անուան դպրոցին մէջ։ 1949-1954 թուականներուն սորված է Երեւանի Ք. Մարքսի անուան արհեստից դպրոցի մեքենական ճիւղերու բաժնին մէջ՝ ստանալով մեքենական չափագիտութեան մասնագիտութիւն։ 1961 թուականին՝ ԽՄԿԿ կենտկոմին առընթեր Մոսկուայի բարձրագոյն կուսակցական դպրոցը։ 1954–1955 թուականներուն աշխատած է Լենինկրատի գիտահետազօտական դպրոցներէն մէկուն մէջ, 1955 թուականէն՝ Երեւանի ելեկտրական արհեստական գործարանին մէջ՝ արուեստաբան, արտադրամասի աւագ վարպետ, պետ, կուսկոմիտէի քարտուղար, գլխաւոր ճարտարագէտ, տնօրէն։ 1964–1972 թուականներուն եղած է ՀԿԿ Երեւանի քաղկոմի քարտուղար, երկրորդ քարտուղար, 1972–1974 թուականներուն՝ ՀԿԿ կենտկոմի քարտուղար, ապա՝ առաջին քարտուղար, 1991–1999 թուականներուն՝ «Հայելեկտրամեքենայ» բաժնետիրական ընկերութեան նախագահ, գործադիր տնօրէն։

Տէմիրճեանի ղեկավարութեան տարիներուն (1974–1988) հանրապետութեան մէջ շահագործման յանձնուած են Երեւանի «Զուարթնոց», Գիւմրիի «Շիրակ» եւ սահմանամերձ շրջաններու օդակայանները, Երեւանի գետնուղիի (Մեթրօ) 1-ին հերթը, Հայկական աթոմակայանը, Մարզահամերգային համալիրը, կառուցուած են Արփա–Սեւան ջրատարը, «Հրազդանմաշ», «Պոզիստոր», «Իմպուլս», «Մարս» եւ այլ գործարաններ, գրապալատը, Մասիս–Նուռնուս եւ Աղստաֆա–Իջեւան–Հրազդան–Սեւան–Մարտունի երկաթուղային մայրուղիներ եւ այլ շինութիւններ։

23 Ապրիլ 1975-ին առաջին անգամ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան անունէն Տէմիրճեան դատապարտած է Մեծ եղեռնի կազմակերպիչները։ Իր ջանքերով 1978 թուականի ՀԽՍՀ նոր սահմանադրութեան մէջ վերահաստատուած է հայերէնը պետական լեզու ամրագրող յօդուածը, 1980 թուականին կանխուած է Պաքու–Նախիջեւան «Բարեկամութիւն» կոչուած մայրուղիի հայաստանեան՝ Մեղրի-Նիւուատի հատուածի շինարարութիւնը, կառուցուած է Մեղրի–Քաջարան մայրուղին, Գորիս–Ստեփանակերտ հեռատեսիլի վերահաղորդիչ կայանը։

1991-1999 թուականներուն Կարէն Տէմիրճեան գլխաւորած է Հանրապետութեան խոշորագոյն ձեռնարկութիւններէն մէկը՝ «Հայելեկտրամեքենայ» ԱՓԲԸ-ն։ 1998 թուականին հիմնադրած է Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւնը (ՀԺԿ), 1998 թուականին ան առաջադրուեցաւ որպէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ 1999 թուականի ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ եղած է ՀԺԿ եւ Հանրապետական կուսակցութեան համագործակցութեամբ ստեղծուած «Միասնութիւն» դաշինքի համանախագահը (Վազգէն Սարգսեանի հետ)։ 1999 թուականի Մայիսին կ’ընտրուի Ազգային Ժողովի նախագահ։ Հանրապետութեան զարգացման ինք կարողացաւ համակարգուած բնոյթ տալ՝ յստակացուեցան զարգացման առաջնային խնդիրները, կառուցուածքային քաղաքականութեան առանցքային ուղիները, գլխաւոր ներուժի՝ մարդկային գործօնի խելամիտ ու նպատակային իրացման մեծ հեռանկար միտող կողմնորոշիչները։

Զոհուած է 27 Հոկտեմբեր 1999-ին ՀՀ Ազգային ժողովի դահլիճի մէջ կատարուած ոճրագործութեան ժամանակ։

Կարէն Տէմիրճեանի անունով կոչուած են Երեւանի գետնուղին (մեթրօ), Մարզահամերգային համալիրը, Երեւանի թիւ 139 դպրոցը, փողոցներ՝ Երեւանի եւ ՀՀ այլ քաղաքներու մէջ։ 2004 թուականէն Երեւանի մէջ կը գործէ Կարէն Տէմիրճեանի թանգարանը:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին