Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄէՋ ԱՅՍՕՐ. Գուրգէն Գ. Սեւակ

Գուրգէն Գ. Սեւակ (Գրիգորեան, 15 Ապրիլ 1904, Թիֆլիս- 14 Սեպտեմբեր 1981), մանկավարժ, հայ լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր  :

Նախնական եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ Ներսէսեան դպրոցին եւ 16-րդ Ուսումնարանին մէջ։ 1924-ին մուտք կը գործէ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագրութեան բաժանմունքը: 1929-1932 թուականներուն՝ նոյն համալսարանի ասպիրանդական բաժնի ուսանող է ան, երբ առիթը կ’ունենայ հետեւելու մեծանուն գիտնականներ՝ Հ. Աճառեանի, Մ. Աբեղեանի, Յ. Մանանդեանի, Գ. Ղափանցեանի եւ Ա. Տէրտէրեանի դասախօսութիւններուն: 1940-ին Գ. Սեւակ կ’արժանանայ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան բանասիրական գիտութիւններու կոչումին, պաշտպանելով «Խօսքի Մասերի Ուսմունքը» աւարտաճառը: Իսկ 1948-ին կը ստանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր աստիճանը, փայլուն կերպով պաշտպանելէ ետք «ժամանակակից Հայերէն Լեզուի Համառօտ Պատմութիւն» խորագրով թէզը:

Գուրգէն Սեւակ մանկավարժական գործունէութիւնը կը սկսի 1930-ին: 1931-1979 թուականներուն ան իբրեւ դասախօս կը պաշտօնավարէ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ 1941-1971 թուականներուն կը վարէ նոյն Համալսարանի Հայոց Լեզուի Ամբիոնը: 1932-1940 թուականներուն կը ստանձնէ Պետական Եզրաբանական Յանձնախումբի քարտուղարի պաշտօնը: 1947-էն սկսեալ նաեւ կը պաշտօնավարէ Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտին մէջ, իբրեւ ժամանակակից Հայոց Լեզուի բաժնի վարիչ:

1956-ին Գ. Սեւակ կ’ընտրուի Հայկական Ս.Ս Հանրապետութեան Գիտութիւններու թղթակից անդամ, իսկ 1971-ին ակադեմիկոս: Գ. Սեւակ աշխարհի ամենէն նշանաւոր էսպիրանտիստներէն մէկն էր։ Անգամ՝ էսպիրանտիստներու միջազգային ակադեմային: Դեռ 1930-ին ան կը հրատարակէ էսպերանտօ լեզուի համառօտ ձեռնարկ: Այդ լեզուով թարգմանութիւններ կը կատարէ հայերէնէ, ու այդ ճամբով աշխարհի կը ծանօթացնէ հայ գրականութեան դասական էջերէն ոմանք:

Գուրգէն Սեւակ իր վաստակը ունի նաեւ թարգմանական գրականութեան մէջ։ Յիշատակութեան արժանի է յատկապէս Պուշկինի «Եւգենի Օնեգին» չափածոյ վէպի անոր հայերէն թարգմանութիւնը:

Գ.Սեւակ գնահատելի վաստակ ունի նաեւ հայ-վրացական բանասիրութեան գործի զարգացման ասպարէզին մէջ:Իր նախաձեռնութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ կը ստեղծուի Հայ-Վրացական բանասիրութեան մասնաբաժանմունք, որ կը կոչուի Շոթա Ռուսթավելիի անունով:

Գ.Սեւակ ժամանակակից հայոց լեզուի հանրածանօթ մասնագէտներէն մէկս էր։ Անոր աւանդը յատկապէս մեծ է լեզուագիտութեան տեսական խնդիրներու պարզաբանման գործին մէջ, մասնաւորաբար խօսքի մասերու տեսութեան, եզրաբանութեան, խօսքի մշակման եւ գրական լեզուի բնականացման հարցերու աշխատանքին մէջ:

Գիտական եւ մանկավարժական իր բեղուն գործունէութեան համար Գ. Սեւակ 1961-ին կը պարգեւատրուի Հայկական ՍՍ Հանրապետութեան, իսկ 1967-ին՝ Վրացական ՍՍ Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումներով: Գուրգէն Սեւակ նաեւ զբաղած է Հայ մշակոյթի պատմութեան հարցերով: Ուշագրաւ են անոր աշխատանքները նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ գիրերու գիւտին:

Հայոց լեզուին նուիրուած իր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն անկախ, Գ.Սեւակի գրչին կը պատկանին հետեւեալ մենագրութիւնները. Հայոց Լեզուի Շարահիւսութիւն (Երեւան, 1936), Խօսքի Մասերի Ուսմունքը (Երեւան, 1939), Ժամանակակից Հայոց Լեզուի Տեսութիւն (Երեւան, 1939), Ժամանակակից Հայոց Լեզուի Համառօտ Պատմութիւն (Երեւան, 1948), Ժամանակակից Հայոց Լեզուի Դասընթաց (Երեւան, 1955), Հայոց Լեզուի. Շարահիւսութիւն (Երեւան, 1956), Մեսրոպ Մաշտոց (Երեւան, 1962) Եւ Հայոց Լեզուի Զարգացման Սովետական Փուլը (Երեւան, 1964):

Գուրգէն Սեւակ կը մահանայ 14 Սեպտեմբեր 1981-ին:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին