Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Ժագ Իհմալեան

Իհմալեան Ժագ (30 Յունիս 1922, Կ.Պոլիս – 1 Ապրիլ 1978, Մոսկուա), հայ նկարիչ

Յաճախած է Ֆրանսական վարժարան եւ կերպարուեստի Ակադեմիայի նկարչական վարժարանը։

Աշխատակցած է «Նոր Օր»-ի՝ բանաստեղծութիւններով, եւ նկարազարդած՝ «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը։ Նմանապէս նկարազարդած է Պէյրութի «Գիրք Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերաթերթը, եւ իբրեւ խմբագիր պաշտօնավարած է Մոսկուայի ռատիոկայանի թրքական բաժնին մէջ։ Ուսուցչագործած է Պէյրութի «Յովակիմեան-Մանուկեան» եւ «Մխիթարեան» վարժարաններուն մէջ։

Դասախօս նշանակուած է Մոսկուայի «Լոմոնոսով» համալսարանի Արեւելեան Լեզուներու բաժնին մէջ։ Աստանդական կեանք մը ապրած է գաղափարական համոզումի (թուրք համայնավար կուսակցութեան ղեկավար մարմին մաս կազմելուն պատճառով), եւ անոր վերջնական կայքը եղած է Մոսկուա քաղաքը, ուր ստանձնած է ռատիոկայանի թրքերէն բաժնի խմբագրութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին