Մարի Աթմաճեան (19 Մարտ 1913, Պրաֆա, Սամսունի մարզ — 13 Յունիս 1999, Փարիզ), սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, գրական եւ հասարակական գործիչ։ Բանաստեղծ Ա. Սեմայի քոյրը։
Ծնած է Պաֆրա։ Քոյրն է տարաբախտ բանաստեղծ ու գրագէտ Ա. Սեմայի։ 1915-ի Եղեռնին, Աղաճա Գըշլայի մէջ, ուր աքսորուած էին ընտանեօք, կ՛ենթարկուին անլուր տանջանքներու։ Հայրը խենեշօրէն կը սպաննուի։ Գաղթականութիւն ու զրկանք՝ կ՝ըլլան բաժինը իրենց կեանքին։ Պոլիս, Սուրիա, Եթովպիա, Յունաստան եւ Ֆրանսա…:
Կ՝ աշակերտի Պոլսոյ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանին։ Գրականութեան իր ուսուցիչը եղած է Չօպանեան։ Գրական նախափորձերը կը հրատարակուին Ա. Սեմայի «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» ամսագիրներուն մէջ։
1939-ին՝ լոյս կը տեսնէ գրական իր աոաջին երկը, թատերակ մը։ 1947-ին՝ կը հրատարակէ աոաջին քերթողագիրքը՝ «Գողգոթայի շուշաններ»: 1951-ին՝ երկրորդը՝ «Աստեղաքաղ»: 1961-ին՝ «Գաղթաշխարհի երգեր»: 1967-ին՝ «Ոսկի Գեղօն»: 1974-ին՝ «Վերջալոյսէն աոաջ»։
Խորքի եւ կառոյցի իր բոլոր ընկրկումներուն հակառակ, 1920-1950ական թուականներու գրական հանգրուանին մէջ յիշատակելի անուններէն մէկն է: