Յարութիւն Թիրեաքեան (25 Փետրուար, 1845, Թալաս – 1919, Նիւ Եորք, ԱՄՆ) բժիշկ, բանասէր, թարգմանիչ, հայագէտ, արեւելագէտ, մշակութային գործիչ։
Յ. Թիրեաքեան ծնած է 1845-ին. Կեսարիոյ նահանգի Թալաս գիւղին մէջ (Օսմ. Կայսրութիւն)։ Ուսումը ստացած է Փարիզի բժշկական համալսարանին մէջ՝ աւարտելով 1878-ին։ Վերադառնալով Կ. Պոլիս, աշխատած է իբրեւ գլխաւոր բժիշկ տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, նաեւ ծաւալելով հանրային գործունէութիւն, որուն պատճառով 1890-ին ձերբակալուած է։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող քաղաքական հալածանքներուն պատճառով, 1896-ին տեղափոխուած է Պարսկաստան, ուր նշանակուած արքունի բժիշկ։ 1907-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Նիւ Եորքի մէջ։ Մահացած է Նիւ Եորք՝ 1919-ին, 73 տարեկան հասակին։ Անոր աշխատութիւնները յետմահու հրատարակած է որդին՝ Միհրդատ Թիրեաքեանը։
Իր բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, Թիրեաքեան ծանօթացած է բազմաթիւ դասական եւ հին արեւելեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից եւրոպական լեզուներու։ Ան տիրապետած է թրքերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, պարսկերէնին, հին լեզուներէն՝ գրաբարին, հին յունարէնին, լատիներէնին, հին եւ միջին պարսկերէնին, ծանօթացած է սանսկրիտին։ Լեզուական խոր գիտելիքները մեծ արժէք կու տան անոր աշխատանքներուն։
Թիրեաքեան, բացի իր գիտական ուսումնասիրութիւններէն (հայերէնի, ինչպէս եւ պահլաւերէնի ոլորտին մէջ), կատարած է շարք թարգմանութիւններ, որոնց շնորհիւ հայ ընթերցողը կարելիութիւնը ունեցած է ծանօթանալու զանազան պահլաւական բնագիրներու։ Թիրեաքեանի թարգմանութիւններուն բնորոշ յատկանիշն է հայկական եւ միջին-պարսկական բառապաշարի նմանութիւնը ցոյց տալու ձգտումը, որուն պատճառով հայկական բառերը, որոնք ժամանակի ընթացքին փոխած են իրենց իմաստը, յաճախ կ՚օգտագործուին արդէն անհասկնալի դարձած՝ հինցած իմաստով, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց իմաստի ըմբռնումը եւ կը նուազեցնէ արժէքը։
Թիրեաքեանի գիտական աշխատութիւնները հիմնականին նուիրուած են հայ-իրանական լեզուական առնչութիւններու ուսումնասիրութեան եւ համեմատական լեզուաբանութեան։