Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սթիւ Ճոպզ

Սթիւ Ճոպզ (անգլերէն՝ Steven Paul «Steve» Jobs 24 Փետրուար 1955, Սան Ֆրանսիսքօ – 5 Հոկտեմբեր 2011), ամերիկացի ճարտարագէտ, գործարար, Էփլ ընկերութեան հիմնադիրն էր եւ գլխաւոր տնօրէնը։ Ան յայտնագործած է արհեստագիտական գործիքներ, ինչպէս՝ Այ. Փոտ, Այ. Ֆոն եւ Այ. Փետ։

Ծնած է 24 Փետրուար 1955-ին՝ Մաունթըն Վիու փոքր քաղաքին մէջ, Սան Ֆրանսիսքօ։ Անոր կենսաբանական ծնողներն են Սուրիայէն գաղթականներ Ճոաննա Շիպլ եւ Ապտուլֆաթթահ Ճոն Ճանտալի: Ծնունդէն կարճ ատեն մը ետք որդեգրուած է Փոլ եւ Քլարա Ճոպզ ամոլին կողմէ, որոնք զայն կոչած են Սթիւըն Փոլ։ Համեստ պայմաններով եւ կրթութեամբ զայն մեծցուցած է Քալիֆորնիոյ Մաունթըն Վիու շրջանին մէջ։ Զայն որդեգրած ամերիկացի հայրը, իբրեւ մեքենագէտ կ՛աշխատէր լէյզըրի ընկերութեան մը մէջ, իսկ Մալաթիայէն գաղթած մայրը հաշուապահ էր։ Քարլայի ծնողները Ամերիկա գաղթած էին 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք. անոր հայրը՝ Լուիզ Յակոբեան ծնած էր Մալաթիա՝ 1894-ին, իսկ մայրը՝ Վիքթորիա Արթինեան, ծնած էր Զմիւռնիա (Իզմիր), 1894-ին։

Փոլ եւ Քլարա շատոնց մահացած են։

Սթիւ կը խօսէր սահուն հայերէն։ Քլարա Յակոբեան մեծ դեր ունեցած է այս հանճարը մեծցնելու մէջ:

Դպրոցական տարիներուն հետաքրքրուած է ելեկտրոնային սարքերով, ծանօթացած Սթիւ Վոզնիաքի հետ, որ ապագային միասին հիմնած են «Ափըլ» ընկերութիւնը։ Անոնց առաջին համատեղ աշխատանքը Պլու պոքս-ն էր (անգլերէնէն՝ Կապոյտ արկղիկ) – սարք, որ թոյլ կու տար կատարել անվճար զանգեր դէպի հեռաւոր տարածքներ։

Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք Ճոպզ սկսած է յաճախել Ռիտ գոլէճը (Օրիկըն նահանգ), սակայն՝ միայն մէկ եռամսեայի համար, ապա լքած է ուսումը, որովհետեւ բարձր կրթաթոշակը ծանր բեռ մըն էր ծնողներուն ուսերուն։

Ճոպզի անձնական հարստութիւնը կը գնահատուի 8.3 միլիառ տոլար, իսկ անոր ընկերութիւնը տէր է 76 միլիառ տոլարի:

Ճոպզ 2004-ին բացայայտեց իր քաղցկեղը: Երկարատեւ բուժումները սակայն պարզապէս երկարեցին Ճոպզի կեանքը սակայն չկրցան փրկել կեանքը: Ան մահացաւ 56 տարեկան հասակին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին